Տոհմիկ Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Քեսապի Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին, Ուրբաթ 20 Փետրուար 2009ի երեկոյեան ժամը 8-ին, «Սարդարապատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ դիմակահանդէս ու տոհմիկ երեկոյ:Սրահը լեցուն էր Քեսապահայերով, միասին տօնելու Բարեկենդանի տօնը, որ հինէն սովորութիւն եղած է ու աւանդութիւն դարձած: Ճաշերը պատրաստուած էին յանձնախումբին կողմէ յատուկ քեսապի ճաշացուցակով, օրինակ (բկեղ, զահդէրոն հոց, քամանուօն քիշքիր, քէսնիկոն սալադու, սամպոգսէկ, ցիթոն սարմա, հետէկ), խմիչք ունենալով Քեսապի ձեռքի գործ ընտիր գինին:Վարչութեան խօսքէն ետք հրաւիրուեցաւ օրուան դամատանը՝ Տիար Յակոբ Քէրպապեանը: Յայտագիրի բացումը եղաւ «սեղանն է արատ»ով եւ աշուղական երգերով, որու կ’ընկերակցէին նուագող երիտասարդները, տհոլով, ճմպուշով եւ ագորտիոնով:Տեղի ունեցաւ նաեւ քեսապերէնով արտասանութիւն եւ առածներ առաւել փունջ մը անեքթոտներով ճոխացաւ երեկոն, ինչպէս նաեւ Քեսապի «Արցախ» պարախումբի աղջիկները ներկայացուցին երկու պար եւ շարունակուեցաւ երեկոն Քեսապի «զուրնա»յով եւ թմպուկով, քեսապի պարերով եւ զանազան ձեռնարկներով: