ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ
Կազմակերպութեամբ Քեսապի մէջ գործող Հայկական երեք համայնքներուն, Հինգշաբթի 19 Փետրուար 2009-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց Ճակատամարտին նուիրուած՝ պաշտօնակական ոգեկոչման հանդիսութիւն, որ կ’երաշխաւորէ մեր կրօնական ու ազգային ինքնութիւնը:Տօնակատարութիւնը սկսաւ Պատարագէն անմիջապէս ետք,ներկայութեամբ երեք համայնքներու հոգեւոր հովիւներուն եւ քեսապահայութեան: Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Հայ Աւետարանական համայնքի Քեսապի շրջանի հովիւ՝Պատուելի Սեւակ Թրաշեանը, օրուան բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ Հայր Գարեգին վրդ. Քէօշկէրեան՝ Հայ Կաթողիկէ համայնքի հովիւ, որ արժեւորեց Վարդանանքը ու անդրադարձաւ այսօրուան երեւոյթներուն, որոնք ճակատամարտի սկսած են վերածուիլ մեր հայկական իրականութեան մէջ: Հանդիսութեան ընթացքին երեք համայնքներէն բաղկացած խառն երգչախումբը ներկայացուց գեղարուեստական յայտագիր մը, որ իր մէջ կ’ընդգրկէր տօնը խորհրդանշող երգեր, ղեկավարութեամբ՝ Հայր Գարեգին Վրդ. Քէօշկէրեանի: Տօնակատարութեան փակման խօսքը կատարեց Հայ Առաքելական համայնքի հովիւ՝ Արժ. Տ. Եղիշէ Քահանայ Սարգիսեան որ ապա Պահպանիչ-ով վերջ տուաւ օրուան տօնախմբութեան: