Խթման Երեկոյ
«Վասնզի այսօր փրկիչ մը ծնաւ Դաւիթին քաղաքի մէջ, որ օծեալ Տէր է» Ղուկաս 2,11։
Ինչպէս 2008-ի Ծնունդին, այս տարի ալ Միսաքեան Մշակութային կեդրոնը խորհրդաւոր ձեւով նշեց «Խթման երեկոն»:
Շաբաթ 3 Յունուար 2009-ին Հայ Աւետ. Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցիէն ներս Միսաքեան Մշակութային կեդրոնը Քեսապահայութիւնը իր շուրջ հաւաքած՝ նշեց «Խթման երեկոն»: Երեկոյի ընթացքին օրուան բացման խօսքը ներկայացուց Տկն. Անի Պօյմուշագեան: Ներկայացուեցաւ Ծնունդի յատուկ երգեր ու շարականներ (Լուր գիշեր. Հրեշտակք Աւետիս կու տան. Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի…) բոլոր երգերն ու շարականները ներկայացուեցան Միսաքեան կեդրոն յաճախող փոքրիկներուն եւ երիտասարդներուն կողմէ, խմբավար ունենալով Պրն. Յարութ Ալապոզանեան (կեդրոնիս սոլֆէժի եւ դաշնամուրի ուսուցիչ): Երգերուն կ’ընկերակցէին նուագով դաշնամուրի վրայ Տկն. Վանի Անթապլեան եւ Տկն. Սեդա Սաղտճեան Պօյմուշագեան. Իսկ կեդրոնի ջութակի ուսուցիչ՝ Պրն. Յարութ Գարտանքեան, ջութակով ընկերակցեցաւ անոնց:
Կեդրոնի փոքրիկները ներկայացուցին կենդանի պատկեր «Ծնունդի Մսուրը»:
Երեկոյի աւարտին ներկաները ու աշակերտները միասին «Խորհուրդ Մեծ» երգեցին, պահը տպաւորիչ էր:
Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեանի օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ օրուան հանդիսութիւնը։