Քեսապի Հ.Կ.Մ. Պատանեկան Միութեան հրամանատարութեան փոխանցում

Կիրակի 14 Դեկտեմբեր Սուրիոյ չքնաղագեղ Քեսապի մէջ, տեղի ունեցաւ Հ.Կ.Մ. Պատանեկան Միութեան Քեսապի մասնաճիւղի հրամանատարութեան փոխանցումի տպաւորիչ արարողութիւնը։ Արդարեւ, այս փոխանցումը երրորդն է Քեսապի մասնաճիւղին համար։ Առաջին հրամանատարն էր՝ ընկրհ. Լիզա Հայրապետեան 2003-2005, երկրորդ հրամանատար՝ ընկ. Լիզա ԽաչիկՊէօճիւքեան 2005-2008։  Արարողութեան սկիզբը, հոգեւոր վարիչ՝ Հ. Գարեգին Վրդ. Քէօշքերեան խօսք առնելով ներկայ ջահակիր-պատանիներուն յայտնեց ուրախ լուրը, նոր հրամանատարին ընտրութիւնը որ տեղի ունեցած էր օրեր առաջ, խորհուրդի անդամներուն եւ հոգեւոր վարիչին մասնակցութեամբ, եւ ընտրուած էր ընկ. Մարիէթ Նազարեան։  Հոգեւոր վարիչը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին հրամանատար ընկ. Խաչիկ Պէօճիւքեանի, որ անխոնջ նուիրումով եւ յարատեւ աշխատանքով գործած էր Հ.Կ.Մ. վերելքին ու բարգաւաճման համար, իրեն մաղթելով յարատեւ յաջողութիւն կեանքին մէջ։ Հոգեւոր վարիչը յայտնեց թէ հրամանատար ըլլալ  կը նշանակէ ընկերներուն ծառայել եւ օգնել, դաստիարակել եւ ուղղել։ Ապա, ան շնորհաւորեց նոր հրամանատարը՝ Ընկրհ. Մարիէթը, մաղթելով անոր յաջողութիւն այս նուիրեալ պաշտօնին մէջ։ Արարողութեան ընթացքին խօսք առին նախկին եւ նոր հրամանատարները, որոնք կոչ ուղղեցին բոլոր ջահակիր-պատանիներուն սիրով ըլլալ, սիրել իրենց այս երկրորդ տունը՝ Հ.Կ.Մ.-ը եւ զայն պահել ու զարգացնել։ Ապա, տեղի ունեցաւ նախկին հրամանատարին յուշանուէրի յանձնում եւ Տէրունական աղօթքով եւ նոր հրամանատարը շնորհաւորելով վերջ գտաւ փոխանցումի պահը։  Հարկ է նշել որ այդ թուականէն շաբաթ մը առաջ, Քեսապի Հ.Կ.Մ.ի խորհուրդին միացան նոր երկու եռանդուն ընկերուհիներ՝ Սեւան Ճուրեան եւ Ալին Նազարեան։  Անգամ մը եւս կ՚ըսենք. – Վարձքդ կատար ընկեր Խաչիկ եւ յաջողութիւն քեզի Ընկերուհի Մարիէթ, յաջողութիւն նաեւ բոլոր խորհուրդի անդամներուն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>