Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Հոգելոյս Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Ճուրեանի մահուան քառասունքին առթիւ
Կիրակի, 21/12/08 Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետը։ Հ. Գարեգին Վրդ. Քէօշքերեան, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատոյց եւ Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց Հոգելոյս Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Ճուրեանի մահուան քառասունքին առթիւ։ Ներկայ էին հանգուցեալին եղբօրորդին, հարազատները եւ հաւատացեալ հոծ բազմութիւն մը։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, մասնակցութեամբ Հ.Կ.Մ. ի պատանիներու։
Քարոզին մէջ Հ. Գարեգին խօսեցաւ օրուան Աւետարանի հատուածին մասին, որ կը ներկայացնէր Յիսուսի պատմած Փարիսեցիի եւ Մաքսաւորի առակը։ Ան բացատրեց թէ ինչպէս փարիսեցին ինքզինք կը գովէր եւ ուրիշները կը դատէր, իսկ մաքսաւորը Մեղայ Տէր կոչելով կուրծքը կը բախէր։ Արդ, այս վերջինը Աստուծոյ քով արդարացած էր, որովհետեւ արժանացաւ Յիսուսի խօսքին որ կ՚ըսէ . «Ով որ ինքզինք խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»։ Վարդապետը շարունակեց խօսքը ըսելով. «Մենք այսօր կ՚աղօթենք, Քեսապի արժանաւոր զաւակներէն՝ Գերյրգ. Հ. Մեսրոպ Ճուրեանի հոգիին հանգստեան համար։ Ան Աստուծոյ խոնարհ ծառան էր. ան խոնարհ հոգեւորականն էր ու խոնարհ մտաւորականը։ Ան ամբողջ կեանքը նուիրեց Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին ծառայելով։ Ան իր ժամանակն ամբողջ տրամադրեց Ս. Գիրքին եւ Հայերէն գիրքին։ Արդարեւ Ս. Գիրքն ու Հայերէն գիրքը դարձան անոր անբաժան ընկերներն ու հաւատարիմ բարեկամները։ Հոգելոյս Հ. Մեսրոպ Վրդ. Թէեւ վերջին տարիներուն, դժբախտութիւն մը ունեցաւ իր լսողութիւնը կորսնցնելով, բայց ան շարունակեց հաւատարմօրէն ծառայել իր Տիրոջ, խոնարհութեամբ ու հաւատքով տարաւ այդ խաչը։
Այսօր, մենք կը հաւատանք թէ Հ. Մեսրոպ Վրդ. Աստուծոյ առջեւ կը բարձրանայ, որովհետեւ ինքզինք խոնարհեցուց, Աստուած ալ վստահաբար արժանի պիտի դարձնէ զինք յաւիտենական փառքին։
Հ. Գարեգին իր խորհրդածութեան աւարտին կոչ ուղղեց բոլոր ներկայ հաւատացեալներուն աղօթելու որ Աստուած իւրաքանչիւրին շնորհէ խոնարհ ըլլալու այդ մեծ շնորհքը, խոնարհութեամբ ապրելու, արժանանալու համար Աստուծոյ փառքին։
Ս. Պատարագէն ետք, Հոգելոյս Վարդապետի հարազատներու կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Հոգեճաշ վանքէն ներս։
Աստուած հոգին լուսաւորէ՛. Յիշատակը անթառամ պահէ՛։