«Խճանկարներ» Բիեսի ներկայացում կազմակերպութեամբ Համազգայինի Համօ Օհանջանեան Մասնաճիւղի

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Համօ Օհանջանեան մասնաճ. վարչութեան, կատարողութեամբ Համազգայինի Զաւարեան թատերախումբին, Նոյեմբեր 9-ին երեկոյեան ժամը 6.00-ին, Սարդարապատ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Խճանկարներ» բիես-ի ներկայացումը։
Բեմը առաջնահերթ արուեստն է որ կը դիմագրաւէ ու կը վերացնէ դատարկութիւնը, խաւարն ու համրութիւնը, որպէսզի բառերն ու խօսքերը, շարժումն ու լուսաւորութիւնը իշխեն ու մարդկութիւնը իսկական յառաջընթաց ապրի…
Բեմը այն ապրող իրականութիւնն է որ ինքզինք կը փշրէ, կը կոտրտէ իր ստեղծագործական պահուն, բայց այնպէս կը վերապրի ու դարձեալ ի յայտ կու գայ իր յանգած մոխիրներուն խորքէն։ Անիկա հաղորդակցութեան այն հրաշալի միջոցն է , որ մարդոց առիթ կու տայ իրատեսութեան ու հարցերը իրենց ճիշտ երեսներով դիտելու ու իրենց տեսակէտերը փոխելու… իր թատերագիրներու ու դերասաններու բերնով ու խօսակցութեամբ։
Յուսահատիլ չգիտցող մարդիկ կան. ահա անոնցմէ մէկը՝ թատերագիր եւ բեմադրիչ՝ Մանուէլ Քէշիշեանն է, որ իւրահատուկ ներկայացումով մը բեմ բարձրացուց 15 պատանիներ ու երիտասարդներ, այս անգամ բերելու համար մեզի պատգամ մը մեր երախտաշատ անուանի գրողներէն՝ Համաստեղէն, Յակոբ Պարոնեանէն, Վահէ Հայկէն, ու Շահան Շահնուրէն։
Բեմադրիչին ընտրութիւնը խիստ յատկանշական էր, Համաստեղը յատկապէս հայ բնաշխարհի եւ յեղափոխական շարժման երգիչն էր, Պարոնեանը մեր ազգային բոլոր ժամանակներու երգիծանքի իշխանապետը, որ աշխարհ եկած էր ուղղելու համար մեր անուղղելի սխալները ու կը ձգտէր ոչ միայն ծիծաղ յառաջացնել թատրոն եկած հասարակութեան մօտ, այլ նաեւ հասկցնել թէ կեանքը ապրիլ պէտք է որպէս «Մարդ» եւ ոչ թէ խեղկատակ սովորոյթներու գերի։
Վահէ Հայկը Համաստեղի նման, որպէս Խարբերդցիներ, հայ գիւղը ներկայացնելէ ետք, հաստատուելով Ամերիկա, նկարագրած են մեզի Ամերիկահայ կեանքը. Շահնուրը մեր այն գրողն էր որ գրեթէ հարիւրամեակ մը առաջ նախատեսած էր Սփիւռքին «Այսօրը» երբ մենք Սփիւռք դարձած հայերս պիտի սկսինք մոռնալ մեր Լեզուն, եւ Լեզուն կորսնցնելով՝ մեր կռնակը պիտի դարձնենք հայուն մեծագոյն գանձին՝ մեր մշակութային արժէքներուն։
Այս խճանկար ներկայացնող Բիեսը, կ՚ուզէ ըսել մեզի որ մենք չենք անտեսած մեր մշակոյթը, ու ահա բեմէն դարձեալ կը հնչեցնենք Մաշտոցեան լեզուն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>