Պանդուխտ Քեսապցի

Բարեւ Բոլորիդ
Նախ կը շնորհաւորեմ բոլոր անոնց որ ձեռնարկեցին եւ ի գործ դրին այս գեղեցիկ եւ բոլորիս համար օգտաշատ ու հետաքրքրական կայքէջը։ Ապա կը շնորհաւորեմ եւ կը քաջալերեմ բոլոր անոնք որ քաջութիւնն ու խանդավառութիւնը կ՚ունենան իրենց զգացումները, ներշնչումներն ու մտահոգութիւնները արտայայտել եւ գրի առնել կայքէջին մէջ։ Այս կայքէջը միջոց մըն է բոլորիս՝ մանաւանդ քեսապցի երիտասարդներուն, իրարու հետ հաղորդակցելու, իրենց գաղափարները փոխանակելու եւ իրենց հայրենակցական կապերը ամրապնդելու յօգուտ իւրաքանչիւրին եւ մանաւանդ մեր սիրելի Քեսապին։
Յատուկէն կը շնորհաւորեմ «Ասլան» անունով յօդուածագիրը իր գեղեցիկ եւ ինքնաբուխ խօսքերուն ու արտայայտութիւններուն համար։ Խնդրեցի «Քեսապցիներ…» կայքէջի տնօրինողներէն իր ելեկտրոնային հասցէն, ինծի ըսուեցաւ թէ իրենք ալ կը փափաքին անոր հետ կապ հաստատել բայց չեն յաջողիր, գուցէ իրենց մօտ եղած հասցէն ճիշտ հասցէն չէ՞…. Պիտի խնդրէի որ «Ասլան»ը իր ճիշտ հասցէն փոխանցէ Քեսապցիներուն որպէսզի իր հետ կապի մէջ մտնենք։
Յաջողութիւն կը մաղթեմ Կայքէջի բոլոր աշխատակիցներուն, Քեսապցիներուն ընդհանրապէս եւ Քեսապցի երիտասարդներուն մասնաւորապէս։ Յոյսով եմ որ շատեր անպայման ձեւով մը իրենց մասնակցութիւնը եւ ներդրումը պիտի բերեն այս կայքէջի բարելաւման, ճոխացումին եւ իր առաքելութեան արդիւնաւորումին։
Մնամ ձեզի բոլորիդ բարին մաղթող

ՊԱՆԴՈՒԽՏ ՔԵՍԱՊՑԻ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>