Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ վերանորոգուած Եկեղեցւոյ բացում
Քեսապահայութիւնը անմոռանալի եւ պատմական օր մը ապրեցաւ, Շաբաթ 08/ 11/2008, երբ բացումը կատարուեցաւ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ վերանորոգուած Եկեղեցւոյ։ Հոգեպարար արարողութիւնը նախագահեց Արհ. Վարդան Եպս. Աշգարեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատոյց Գերպ. Հ. Անդրանիկ Ծ. Վ. Այվազեան առընթերակայութեամբ՝ եկեղեցւոյ ժողովրդապետին եւ Տ. Զարեհ Քհն. Տէրսահակեանի եւ մասնակցութեամբ Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւոր Հ. Յովսէփ Ծ. Վ. Քէլէքեանի։ Սոյն արարողութեան ներկայ էին Քեսապի քոյր համայնքներու հոգեւոր հովիւները. միութեանց եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչները, գիւղապետը եւ հոծ բազմութիւն մը։
Կազմակերպութեամբ Հ.Կ.Մ.-ի խորհուրդին եւ պատանիներուն սկիզբ առաւ շքեղ թափորը դէպի եկեղեցւոյ գաւիթը, ուր տեղի ունեցաւ բարերարներու անունները կրող մարմարէ քարին քօղազերծումը։
Ս. Աստուածէն ետք. Գերապայծառ Տէրը կատարեց երկու նոր խորաններու Սրբալոյս Միւռոնով օծումը, նուիրելով մէկ խորանը Քեսապի Աստուածամօր, իսկ միւսը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին։ Ապա տեղի ունեցաւ ժողովրդապետ Հօր՝ Գարեգին Վրդ. Քէօշկերեանի գաւազանի տուուչութիւն, որ ընկալուեցաւ ժողովուրդին ծափահարութիւններով։ Ս. Պատարագի աւարտին, Ժողովրդապետ Հայրը իր երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց նախ Աստուծոյ, Քեսապի Տիրամօր, բարերար եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, որ իր սրտաբուխ լուման դրաւ այս նուիրեալ, աստուածահաճոյ եւ եկեղեցաշէն ծրագրին իրականացման մէջ։ Պատարագէն ետք, Լաթաքիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շեփորախումբը հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները ներկայութեամբ Քեսապի պետական իշխանութիւններուն, ապա տեղի ունեցաւ շնորհաւորութիւններ եւ հիւրասիրութիւն։ Այդ օրը, հաւատացեալ ժողովուրդը տուն վերադարձաւ ոգեւորուած, հպարտ եւ ուրախ՝ այս պատմական իրադարձութեան համար։