ԳԱՐԱՏՈՒՐԱՆԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՈՅ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ
Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2008-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, տեղի ունեցաւ Գարատուրանի Ս. Աստուածածին նորակառոյց եկեղեցւոյ Հիմնարկէքի արարողութիւնը, ձեռամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Շահան եպս. Սարգիսեանի: Ներկայ էր նաեւ պատուիրակութիւն մը որու մաս կը կազմէին Արժանապատիւ Տ. Եզնիկ Քհն. Զղջանեան, Ազգային Քաղաքական, Գաւառական եւ Կալուածոց ժողովներու ներկայացուցիչներ:
Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու թաղականութիւնները, Քեսապի քաղաքապետը, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ ճեմարանի 10-րդ եւ 11-րդ կարգի ուսանողութիւնը, շինարարական յանձնախումբը, Քեսապի Օգնութեան Խաչի մասնաճիւղերը ու կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմը:
Նախօրեակին՝ Երեքշաբթի 14 Հոկտեմբեր 2008-ին, Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան, շինարարական յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն եւ եկեղեցւոյ ճարտարապետի ներկայութեան, կատարուեցաւ նոր կառուցուելիք եկեղեցւոյ հողի օրհնութեան արարողութիւնը եւ փորուեցան հիմնօրհնութեան տեղերը: Եկեղեցին շինարարական իր ընթացքին մէջ է արդէն: