Բացում Քեսապի Ազգագրական Թանգարանի Շէնքին
Շաբաթ 6 Սեպտեմբեր 2008-ի երեկոյան ժամը 5:00-ին, Բերիոյ թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեան եւ “Երկիր եւ Մշակոյթ” միութեան պատասխանատու՝ Գեղամ Գեւոնեան աւանդական ժապաւէնը կտրելով բացումը կատարեցին Քեսապի Ազգագրական Թանգարանին: Բացման ներկայ էին Բերիոյ թեմի Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներ, յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներ եւ կոկիկ հասարակութիւն մը: Թանգարանը կառուցուած է Կիւլպէնկեան հաստատութեան բարերարութեամբ եւ համագործակցութեամբ: