Հ.Մ.Ը.Մ. «Քեսապ» Մասնաճիւղի « Գրիգոր Յակոբեան» Բանակում

Կազմակերպութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի  «Քեսապ» Մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդին, մասնաճիւղի տարեկան բանակումը տեղի ունեցաւ 1 – 10 սեպտեմբեր 2008-ին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Էքիզօլուխի Բանակավայրէն ներս, մասնակցութեամբ 106 քոյր-եղբայրներու: Բանակումը կոչուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադիրներէն «Գրիգոր Յակոբեան»ի անունով, յայտագիրը կ’ընդգրկէր՝ դասախօսութիւններ, զրոյցներ, խմբային աշխատանքներ, հարց պատասխանի մրցումներ, յանձնախմբային աշխատանքներ, երգի ուսուցումներ, խաղերու մրցումներ:    Բանակումի փակման խարուկահանդէսը տեղի ունեցաւ 10 Սեպտ.2008-ին ներկայութեամբ ծնողներու եւ քեսապահայերու հոծ բազմութեան: Բացումը կատարուեցաւ Դրօշակի արարողութեամբ որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր որ կ’ընդգրկէր զաւեշտ, պար, բուրք, թմպլիկ, ազգային երգեր որոնք կատարուեցան խանտավառ մթնոլորտի մէջ: Հուսկ Տէր Եղիշէ Քհն. Սարգիսեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ պահպանիչով փակեց օրուան հանդիսութիւնը:   Ակնայայտ էր ջերմ մթնոլորտն ու ճոխ յայտագիրը որով յատկանշուեցաւ « Գրիգոր Յակոբեան» Բանակումը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>