Թարգմանչաց տօնակատարութիւն եւ Քեսապահայ գրողներու պարգեւատրում
Կազմակերպութեամբ Ս.Օ.Խ. «ՄԵՂՐԻ» մասնաճիւղի վարչութեան՝ Շաբաթ 11/ 10/ 2008ին, Սահակեան Սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնակատարութիւն: Օրուան բանախօսն էր Պրն. Գէորգ Աբէլեան: Սոյն ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ Քեսապահայ գրողներու պարգեւատրում (Յակոբ Չոլաքեան, Գէորգ Աբէլեան, Վրէժ Գլնճեան, Ստեփան Փանոսեան, Զօհրապ Անթապլեան, Յովսէփ Ղազարեան)։ Ասոնց կողքին էր նաեւ Քեսապաբնակ թարգմանիչ Պրն. Նիզար Խալիլին:
Յիշատակուեցաւ նաեւ քեսապահայ 23 գրողներու անուններ եւ անոնց հրատարակութիւններէն որոնք կ՚ապրին օտարութեան մէջ:
Նաեւ ձեռնարկի ընթքցքին՝ յուշանուէրներով գնահատուեցան Պրովէի եւ Պաքալորիայի պետական քննութեան յաջողած աշակերտները: