Նորակառոյց Կրթօճախի Բացում
Կիրակի 7 Սեպտեմբեր 2008ին, Քեսապը կրկնապատիկ ուրախութեան մէջ էր, պատմական սպասուած պահ մը, որ Քեսապցին տարիներ երազած էր՝ Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ երկրորդական Վարժարանի վերականգնումը: Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Արաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանին, Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Երկրորդական Վարժարանի շրջաբակէն ներս կատարուեցաւ դպրոցի բացման հանդիսութիւնը: Քեսապահայութիւնը հոծ բազմութեամբ ներկայ էր, ինչպէս նահանգապետը եւ անոնց ընկերակցող պաշտօնական մարմիններն ու հիւրերը: Սուրիական հայրենիքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգները շեփորախումբի կողմէ նուագուելէ ետք, արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պր. Պօղոս Ղազարեան, իսկ հայերէն բացման խօսքը ներկայացուց Պր. Կարօ Մանճիկեան: Անոնք իրենց խօսքերուն մէջ շեշտեցին ուսման կարեւորութիւնը եւ մանաւանդ Սուրիոյ մէջ այդ գծով տարուած աշխատանքներուն մասին: Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագրին մաս կազմեցին Քեսապի Համազգայինի Հ. Օհանշանեան մասնաճիւղի «Արցախ» Պարախումբը, հայկական եւ արաբական պարերով ու այլազան նուագներով: Յայտագրի աւարտին հրաւիրուեցաւ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցելու, ան երկրորդական դպրոցի վերաշինութիւնը յաղթանակ նկատելով, դպրոցը Մեսրոպեան նոր տաճառ մը համարեց եւ շրջանը ծաղկեցնող կառոյց մը: Տպաւորիչ էր հանդիսութեան աւարտին դպրոցի աշակերտներու կողմէ դպրոցի քայլերգի երգեցողութիւնը՝ «Կեցցէ յաւէտ, լոյսի օրրան, Կեցցէ Միացեալ Վարժարան» Անկէ ետք բոլոր ներկաները հրաւիրուած էին «Քեսապ» համալիրի սրճարանը, ուր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ապա խանդաւառութիւն ստեղծուեցաւ երբ լսուեցաւ Զուրնայի նուագը որուն յաջորդեցին Քեսապի տոհմիկ պարերը: Ներկաներուն մասնակցութիւնը այդ պարերուն յստակ արտայայտութիւնն էր իրենց ուրախութեան:Այս կոթողական կառոյցը ի սփիւռս աշխարհի տարածուած քեսապահայութեան միահամուռ ճիգերով է որ կերտուեցաւ: