ՔԵՍԱՊԷՆ ԾՆԱՒ ՆՈՐԸՆԾԱՅ ԱԲԵՂԱՅ ՄԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Ս. Աթոռին Միաբանութիւնը մեծ ուրախութեամբ ողջունեց իր ուխտապահ շարքերէն ներս մուտքը Բարշ. Յակոբ Սրկ. Քորթմոսեանի, որ Դպրեվանքի ընթացքը աւարտելով, Ս. Աթոռոյս Վեհափառ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր արտօնութեամբ կուսակրօն քահանայութեան կարգ ստացաւ եւ զինուորագրուեցաւ Կիլիկեան Սուրբ Աթոռին: Նորօծ Աբեղան կոչուեցաւ Հ. Վարանդ։
Կիրակի 22 Յունիս 2008-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պատարագեց, քահանայական ձեռնադրութիւնը կատարեց եւ քարոզեց Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:
Յաւելեալ մանրամասնութեան համար դիմել՝ www.armenianorthodoxchurch.org կամ՝ www.armenianorthodoxchurch.org/v04/index.htm