Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Երկրորդական Վարժարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէս ու վկայականաց բաշխում
Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Երկրորդական Վարժարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ 8-Յունիս-2008 «Սարդարապատ» սրահին մէջ:
Հանդէսը սկսաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներով, ապա ընթերցուեցան հայերէն ու արաբերէն բացման խօսքերը:
Մանկապարտէզի փոքրիկները գունագեղ ծաղկեփունջի նման երգչախումբ կազմած ներկայացուցին փունջ մը հայերէն ու արաբերէն երգեր, արտասանութիւններ:
Մեծ հաճոյք ու խանդավառութիւն ստեղծեցին փոքրիկներուն բազմերանգ պարերը:
Ի պատիւ մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին, փոքրիկները կարճ ժամանակի ընթացքին յաջողած էին լաւագոյնս ներկայացնել շքեղօրէն յարդարուած բեմին վրայ:
Վարժարանիս տնօրէնը ընթերցեց մանկապարտէզի միամեայ տեղեկագիրը, որմէ ետք ինքնավստահ քայլերով բեմ բարձրացան փոքրիկ շրջանաւարտները եւ ստացան իրենց վկայականները, ապա արտասանեցին հրաժեշտի խօսքը:
Քահանայ Հօր խօսքէն ետք շրջանաւարտները հպարտօրէն ուղղուեցան վարժարանիս շրջաբակը եւ ընդունեցին շնորհաւորութիւնները: