Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ Վարժարանի ամավերջի հանդէս եւ վկայականաց բաշխում
Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ Վարժարանը ամէն տարուայ իր աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, 5 Յունիս 2008, երեկոյեան ժամը 5.30-ին կազմակերպեց Ծաղիկ եւ Վեցերորդ աւարտական դասարաններու ամավերջի հանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան քոյր համայնքներու հոգեւոր հովիւները, զանազան միութեանց ներկայացուցիչներ, ծնողքներ եւ հիւրեր։ Հանդէսը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ, ապա կիրարկուեցաւ յատուկ գեղարուեստական յայտագիր, որ արժանացաւ բոլոր ներկաներուն հիացմունքին եւ գնահատանքին։ Կը մաղթենք մեր աշակերտներուն յարատեւ յաջողութիւններ։