Պտոյտ Հայ Բանաստեղծութեան Պարտէզին մէջ

Կատարողութեամբ Պոլսահայ վաստակաշատ ասմունքող՝ Տիկ. Սիլվա Կոմիկեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան՝ Քեսապի Համօ Օհանջանեան մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ Ասմունքի հանդիսութիւն, կիրակի 11 Մայիս 2008-ին, կէսօրուան ժամը 12-ին Սահակեան սրահէն ներս:

Տիկ.  Սիլվա Կոմիկեան այնպիսի հրաշալի տաղանդով մը մեկնաբանեց, որ ոչ միայն կրցաւ ցաւն ու հրճուանքը, վեհութիւնն ու կսկիծը հասցնել ներկաներուն մտքին ու սրտին, այլ փաստեց որ հայ բանաստեղծութիւնը հաւատքի, կեանքի եւ յաւերժութեան պատմութիւն է:

Տեղի ունեցաւ նաեւ զեկոյց Պոլսահայ գաղութի մասին որ կատարեց «Մարմարա» Օրաթերթի փոխ խմբագիր՝ Օրդ. Մաքրուհի Յակոբեանը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>