«Մոկլիի օրուայ ձեռնարկ» կազմակերպութեամբ Քեսապի Հ.Մ.Ը.Մ. Սկաուտ խորհուրդին
Հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «ՔԵՍԱՊ» մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ Սկաուտ խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, Շաբաթ 3 Մայիս-ին տեղի ունեցաւ «Մոկլիի օրուայ ձեռնարկ» Սարդարապատ սրահէն ներս:
Գայլ – Արծուիկ միաւորը ներկայացուց գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ կ’ընդգրկէր կենդանի պատկեր նուիրուած Հայաստանի անկախութեան, պար, երգ եւ բուրքեր: