Քեսապ ունեցաւ երկու նուիրեալ Եպիսկոպոսներ
Շաբաթ եւ Կիրակի 19 եւ 20 Ապրիլ 2008, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւոիչ Մայր Տաճարին մէջ, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում։
Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետին որոշումով, Հայ Եկեղեցւոյ այս բարձր աստիճանին արժանացան Գերպ. Տ. Նորայր Ծ. Վրդ. Աշըգեան, եւ Գերպ. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Փանոսեան։
Շաբաթ եւ Կիրակի, զոյգ արարողութեանց ներկայ գտնուեցաւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան տնօրէն՝ Դոկտ. Զաւէն Եկաւեան, Լիբանանէն եւ արտասահմանէն հրաւիրեալներ, ընծայեալներու հարազատներ եւ մեծ թիւով Քեսապցիներ եւ հաւատացեալներ։
Մանրամասնութեան համար դիմել՝ www.armenianorthodoxchurch.org կամ http://www.armenianorthodoxchurch.org/v04/index.htm եւ այնտեղ ականատես ըլլալ ընդարձակ նկարներու։