ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ 93 ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ
Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2008
Առաւօտուն, իւրաքանչիւր համայնք իր եկեղեցական արարողութենէն ետք, առաջնորդութեամբ իրենց հոգեւոր հովիւներուն միասնաբար ուղղուեցան գիւղի համայնական գերեզմանատունը եւ կատարեցին հոգեհանգստեան արարողութիւն ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի զոհերուն: Ապա ուղղուեցան Աւետարանական համայնքի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի ու հոն տեղի ունեցաւ պաշտօնական ոգեկոչում – յայտագիր:
Բացման խօսքը կատարեց Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեան, որուն յաջորդեցին հերթաբար խմբերգներ, մեներգներ եւ ասմունքներ: Ելոյթ ունեցան Քեսապի Համազգայինի մանկա-պատանեկան «Կանթեղ» եւ երիտասարդաց «Կիլիկիա» երգջախումբերը խմբավարութեամբ Տիկ. Գայիանէ Տէրեան-Սիմոնեանի:
Օրուան բանախօսութիւնը կատարեց Հայր Գարեգին Վրդ. Քէօշկէրեան: Յայտագրի փակման խօսքը կատարեց Արժ. Տ. Եղիշէ Քհնյ. Սարգիսեան եւ հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Տէրունական՝ «Հայր մեր» աղօթքով: