Մեծ Եղեռնի աշակերտական ոգեկոչում
Կազմակերպութեամբ Քեսապի Ուսումնասիրաց Միացեալ երկրորդական վարժարանին, 23 Ապրիլ 2008 ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի զոհերու ոգեկոչման աշակերտական հանդիսութիւն, համալիրի «Սարտարապատ» սրահին մէջ: Ներկայ էին Հայ Առաքելական եւ Աւետարանական համայնքներու հոգեւոր հովիւները, «Նահատակաց» վարժարանի աշակերտութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ Քեսապի մէջ գործող միութիւններու վարչութիւնները:
Գեղարուեստական յայտագիրը կ’ընդգրկէր կենդանի պատկեր, մեներգ, խմբական արտասանութիւն, նուագ եւ պատմական անդրադարձ: Ցուցադրուեցաւ նաեւ վաւերագրական ձայնասկաւառակ մը, որուն ընդմէջէն ներկաները հաղորդակից դարձան եղեռնի ցաւոտ յիշատակներուն: