Ապրիլեան նահատակաց Հսկում
Կազմակերպութեամբ եւ կատարողութեամբ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան (Ս.Ե.Մ)ի Քեսապի մասնաճիւղին, Չորեքշաբթի 23 Ապրիլ 2008-ի երեկոյեան, Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան նահատակներու նուիրուած Հսկում: Երիտասարդները օրուան խորհուրդը մեկնաբանեցին խմբային արտասանութիւններով, երգերով, մեներգներով, ասմունքներով եւ նուագներով: Հսկումի աւարտին տեղի ունեցաւ Սահիկի (slide)ի ցուցադրութիւն՝ «Յիշողութեան Զաւակներ» խորագրով, որու մէջ ներկայացուած էր Քեսապի պատմական անցուդարձերը, յիշատակի արժանի դէպքերն ու դէմքերը, որ արժանացաւ ներկաներու հիացմունքին: