Պաշտօնակոչութեան Պաշտամունք Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեանի

Քէօրքիւնէի եւ Էքիզօլուքի Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Միացեալ Ժողովի կազմակերպութեամբ եւ Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութեան Նախագահին եւ Կեդրոնական Մարմինի Սուրիոյ Բաժինի հովանաւորութեամբ, Կիրակի, 3 Փետրուար 2008, երեկոյեան ժամը 6-ին, Քէօրքիւնէի Հայ. Աւետ. Եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեանի պաշտօնակոչութեան պաշտամունքը։

Պաշտամունքը առաջնորդեց Պատ. Սեւակ Թրաշեան։ Աստուծոյ խօսքին պատգամը փոխանցեց Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութեան Նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան հիմնուելով (Բ. Տիմթ. 1, 1-18)։

Պատգամէն ետք, Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութեան Նախագահը Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան հրաւիրեց Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեանը կատարելու ծառայութեան իր խոստումը, եւ մատոյց նուիրման աղօթքը։ Ապա ան իր յորդորը փոխանցեց Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեանին։

Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Համայնքային Գործադիր Մարմինի Ատենապետ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան իր յորդորը փոխանցեց եկեղեցիին։

Երգչախումբը կատարեց օրուան խորհուրդին հետ առնչուած երգ մը «Գիտեմ որու եմ հաւատացեր»։

Պաշտամունքը վերջ գտաւ «Տէրունական Աղօթք»ի երգով եւ Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեանի օրհնութեան աղօթքով։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>