Համազգայինի «Արցախ» պարախումբի ելոյթ

Հովանաւորութեամբ Քեսապի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան,  ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Արցախ» պարախումբը, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Կարօ Տատաղլեանի, 8-9/3/2008-ին, «Սարդարապատ» սրահէն ներս:

           Համազգայնի 80 ամեակի առթիւ եւ «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի 20-րդ տարեդարձի առթիւ, մշակոյթը շողշողաց «Սարդարապատ» սրահէն ներս եւ «Արցախ» պարախումբի միջոցաւ ջերմութիւն ու խանդավառութիւն բերաւ հանդիսատես Քեսապահայութեան:

            Համազգայինի՝ «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի «Արցախ» պարախումբը, հիմնուած է 2003-ին Քեսապի մէջ, առաջին պարուսոյցներ ունենալով Պրն. Ղազար Թաշճեան եւ Պրն. Գօգօ Ակիկեան:

            Մաղթենք որ «Արցախ» պարախումբը գոյատեւէ ու փայլի Քեսապի մէջ թէ դուրս, տարածելով մեր մշակութային գեղեցիկ արժէքները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>