Գալիլ նանան 100 տարեկան

Գալիլ նանան Սեպտեմբեր 2007-ին իր 100 տարին բոլորեց: Անշուշտ ան իր այդ յառաջացած տարիքին կը վայելէ լաւ առողջութիւն, մտքի կայտառութիւն, պայծառ յիշողութիւն:

Գալիլիա Եարալեան-Մանճիկեան ծնած է 1907, Գարատուրանէն դէպի ծով Եարալեան թաղը: Մայրը՝ Եղիսաբէթ, հայրը Մովսէս: Գալիլ նանան լաւ կը յիշէ 1915-ի «Մահաճրլըքի»՝ տեղահանութեան սեւ օրերը, երբ իր ամբողջ ընտանիքին հետ համագիւղացիներու ճակատագրին կ՚ենթարկուին ու գաղթի ճամբան կը բռնեն դէպի Համա, Հոմս, Դամասկոս, ուրկէ կը քշուին Փոր Սայիտ (Եգիպտոս)։1920-ին կը վերադառնան Դամասկոս, ետքը Հալէպ, Անտիոք եւ վերջապէս իր սրտին կարօտը յագեցուցած իր Քեսապ վերադարձը: Գալիլ նանան ամուսնացած է Յովհաննէս Մինաս Մանճիկեանի հետ, ունենալով 7 զաւակներ, որոնցմէ 3-ը միայն կ’ապրին. Աստղիկը, Անահիտը եւ Յակոբը: Ան հիմա իր աղջկան Աստղիկին սիրայօժար հոգատարութիւնը կը վայելէ, իսկ մօտաւոր ու հեռաւոր թոռներու գուրգուրանքն ու սէրը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You may use these <abbr title="HyperText Markup Language">HTML</abbr> tags and attributes: <a href="" title=""> <abbr title=""> <acronym title=""> <b> <blockquote cite=""> <cite> <code> <del datetime=""> <em> <i> <q cite=""> <s> <strike> <strong>