Քահանայական ձեռնադրութիւն Քեսապի մէջ
Կիրակի 8 մարտ 2009 թուականը հոգեկան բերկրանքի եւ ցնծութեան պահ մը եղաւ քեսապահայութեան եւ Կիլիկեան Ս. Աթոռին համար. Քահանայական ձեռնադրութիւն տեղի ունեցաւ Քսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Պատարագը մատուցեց Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Օշական եպիսկոպոս Չոլոեանը, ներկայ էին Տէր Նորայր Եպիսկոպոս Աշըգեան, Լիբանանի թեմէն Աբեղաներ, Հայր Ղեւոնդ Բէնդեզեան, Հայր Ստեփանոս Փաշայեան եւ Տէր Մկրտիչ Քահանայ Քէշիշեան, իսկ Հալէպէն Տէր Հայկազ Քահանայ Մասոեան եւ Քեսապի հոգեւոր հովիւ Տէր Եղիշէ Քահանայ Սարգիսեան: Տպաւորիչ էր նաեւ Հալէպէն ժամանած Սաղմոս երգչախումբի մասնակցութիւնը: Սրբազան Հայրը օծումի արարողութիւնը կատարեց Պատարագի ընթացքին, նորօծ Քահանային տուաւ Քեսապի զաւակ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Սարգիսեանի անունը եւ զայն կոչեց Տէր Գարեգին Քահանայ , այս ծանր լուծը եւ պարգեւը տրուեցաւ Քեսապի հարազատ եւ արժանի զաւակ Հրայր Պէտուրեանին։ Նորօծ Քահանան՝ Տէր Գարեգին զաւակն է Վարդան եւ Սալբի Պէտուրեաններուն, ծնած 1983 թ., Նախնական ուսումը ստացած է Ազգ. Ուսմն. Միացեալ վարժարանէն ներս ապա յաճախած է Անթիլեասի դպրեվանքը: Նորօծ Քահանային կնքահայրը եղաւ դարձեալ Քեսապի զաւակ Պր. Սեպուհ Մանճիկեան որ այս պարտականութիւնը կատարելու համար յատուկ ժամանած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն: Ներկայ էր Քեսապի ամբողջ հայութիւնը, Եկեղեցիէն ներս տեղ չգտնելով շատեր յոտնկայս կը հետեւէին օծումի արարողութեան: Արժանի է յիշել որ 25 տարի առաջ Քեսապի զաւակ Աւագ Քահանայ Տէր Արամ Գլնճեանի ձեռնադրութիւնը կատարուած էր այս Եկեղեցւոյ մէջ: Մեր մաղթանքն է որ սիրելի Տէր Գարեգին Քահանայ Պէտուրեանը, կոչումին տէրը ըլլայ ծառայելով Հայ ժողովուրդին անկեղծութեամբ եւ հաւատքով՝ լուսատու մոմի նման շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ արժեւորէ ժառանգած անունը: