Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Երկրորդական Վարժարան
Բարձր հովանաւորութեամբ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի՝ Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց թեմին, տեղի ունեցաւ երկրորդական վարժարանի շէնքի կառուցման հիմնարկէքը, Հինգշաբթի՝ 20 Դեկտեմբեր, 2007-ին, վարժարանի շրջափակէն ներս: