Ծխախոտ
Ծխախոտը կը նկատուէր Քեսապի եկամտաբեր արտադրութիւններէն մէկը: Ծխախոտի գետինը կը հերկէին 2 անգամ: 2-րդ հերկէն ետք կ՛ակօսէին:
Ծխախոտի ցօղունը կը բարձրանար կէս մարդահասակ ու կոկոն կ՛արձակէր: Գիւղացիները ծաղիկը կը կտրէին որպէսզի տերեւները աւելի ուժ առնեն: Տերեւներու քաղը կը սկսէր վարէն. կը քաղէին միայն դեղնած տերեւները: Տերեւները միլով կը շարէին կանեփէ թելի մը վրայ, որ կ’ունենար մէկ թեւաչափ երկարութիւն: Շարոցի տերեւները չորցնելու կը կախէին:
Լաթաքիոյ, Անտիոքի եւ Աղեքսանտրէթի շրջաններու մէջ Քեսապի արտադրած ծխախոտը ամէնէն ընտիրն էր, իր ունեցած լաւ յատկութիւններուն համար,մանաւանդ Գարատուրանի ծխախոտը:
Ընտանիքի հիմնական եկամուտներէն մէկը ծխախոտը կը համարուէր: Պետութիւնը ծխախոտէն ծանր տուրք կը գանձէր: Անցեալ դարու վերջաւորութեան, Սուրիոյ ծխախոտի հաւաքման գործը մենաշնորհուեցաւ եւ ստանձնեց ֆրանսական (Ռեժին): Սակայն գիւղացին միշտ ալ կը յաջողէր աւելի բերք հանել ու մաքսանենգներու միջոցով ծախել:
Տարագրութենէն ետք ուշ կը սկսի ծխախոտի մշակումը:1924-ին մշակումի համար դիմում կը ներկայացնեն ֆրանսական իշխանութեան. Ռեժին կրկին կը ստանձնէ ծխախոտի գնումի ու արդիւնահանման մենաշնորհը: Գիւղացին յոյսեր կը կապէ ծխախոտին, բայց ընկերութիւնը կրկին սեղմումները կը շարունակէ: Հոս յիշենք որ Քեսապը Լաթաքիոյ շրջանին կապուելէ ետք, Լաթաքիոյ Ռեժի-ի կողմէ քննական եւ գնահատական (թախմինի) գործերով Քեսապ ելած պաշտօնեաներէն մէկն էր Լաթաքիացի սփիւռքահայ արձակագիր՝ Սմբատ Փանոսեանը, որ Քեսապի մասին քանի մը հատ ալ պատմուածքներ ունի:
1960-ական թուականներուն, Քեսապցիք վերջնականապէս կը հրաժարին ծխախոտի մշակումէն: