Պատմական ակնարկ

Շուրջ վեց հազարամեակներ առաջ, Սուրիական ծովափին վրայ եւ Որոնդէսի (Ասի) հովիտին մէջ սկսած մարդկային հին քաղաքակրթութեան աշխարհագրական տարածքին մէջ, գտնուած է Քեսապ շրջանը:

Փիւնիկեան նշանաւոր քաղաք պետութիւններէն՝ Ուկարիթը, կը գտնուէր Քեսապէն ոչ շատ հեռու Միջերկրականի ծովափին: Քեսապը եւ մանաւանդ Տուզաղաճի հարթավայրը, Ուկարիթի առեւտրական ցամաքային ճամբու վրայ կ’իյնար եւ զայն կը կապէր Փոքր Ասիոյ, Կիլիկիոյ եւ հիւսիսային միջագետքին:

Սելեւկեան-Հելենիստական պետութեան շրջանին, Քեսապի շրջանը կը գտնուէր այդ ժամանակներուն կառուցուած Անտիոք, Սելեւկիա եւ Լաւոդիկէ (Լաթաքիա) քաղաքներուն կազմած եռանկիւնին կեդրոնը: Լաւոդիկէ – Սելեւկիա ծովային ճամբան կ’անցնէր Գարատուրանի բացերէն, իսկ Լաւոդիկէ – Անտիոք ցամաքային ճամբան՝ Տուզաղաճի հովիտէն:

Կասիոս լեռը կը նկատուէր այն ժամանակներուն Զեւս աստուծոյ սրբավայրը: Յետագային Մեծն Տիգրանի իշխանութեան եւ Հռոմէական կայսրութեան ժամանակ, Լաւոդիկէի, Սելեւկիոյ եւ Անտիոքի զարգացումը կ’ազդէ նաեւ Քեսապ շրջանի բարգաւաճման եւ կը կրէ այդ դարերու քաղաքակրթական բոլոր հետեւանքները:

Քեսապ շրջանի նախնական պատմութեան մասին գրաւոր աղբիւրներ չկան: Առաջին անգամ շրջանը յիշատակուած է Խաչակիրներու պատմութեան մէջ, երբ Անտիոքի Դուքս Պեմունտ Ա. Քասպիսի աւարը (հողատարածքը) կը շնորհէ Պետրոս ճգնաւորի ընտանիքին, Քասպիս կամ Քասապելլա (Cassembella, Cassabella) անունով, որ նոյնացած է Քեսապ անունին հետ:

     Հայկական տարրի մը գոյութիւնը շատ մը ուսումնասիրողներ կը տանին մինչեւ Մեծն Տիգրանի օրերը կամ նոյնիսկ անկէ առաջ: Շատեր Քեսապը կը դիտեն իբրեւ Կիլիկեան Հայաստանի սահմանակից եւ այդ ժամանակաշրջանի կազմուած հայկական գաւառակ: Սակայն ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, մասնաւորաբար բարբառային առանձնայատկութիւնները նկատի առած, Քեսապ-Սուէտիա շրջանի հայերը Անտիոքի շրջանին մէջ գոյացած հայ գաղթականութեան մը մնացորդացն են:

Մեմլուքեան արշաւանքներուն եւ Օսմանեան իշխանութեան առաջին շրջանին (13-14-րդ դար) Անտիոքի շրջանի Հայ, Յոյն եւ Ասորի գիւղերը կը պարպուին ջարդերու եւ բռնութիւններու իբրեւ հետեւանք: Հայերը զերծ մնալու համար հալածանքներէ եւ կոտորածներէ, ձգելով Անտիոքի տափաստանները, կ’ապաստանին լեռնոտ շրջաններ՝ ինչպիսին, Քեսապը եւ Մուսա լեռը:

     Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերուն կազմաւորումը եւ զարգացումը տեղի կ’ունենայ 16-րդ դարէն մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբը:
Ըստ ժողովրդական աւանդութեան, հայերը առաջին անգամ եկած եւ հաստատուած են Էսկիւրան (Էսկէ Էօրան՝ հին գիւղ) կամ Նըրքը Գիէղ կոչուող շրջանը: Թէ անոնք ուրկէ՞ եկած են, տարբեր գերդաստաններ տարբեր տեղեր կը յիշատակեն, ինչպէս Արամօ, Արֆալի, Հաճըն, Զէյթուն, Քիւրտ Տաղ եւ Անտիոք: Գիւղացիք, որ առաջին անգամ կը հաստատուին Ներքի Գիւղի մէջ, որոշ ժամանակ մը ետք կը բարձրանան աւելի վեր, որ այժմու Քեսապն է: Շուտով, Քեսապը կը դառնայ հին ու նոր եկած գաղթականներուն բնակավայրը: Ներքի Գիւղի կազմութիւնը հաւանաբար եղած ըլլայ 16-րդ դարու սկիզբը: Յետագային քեսապցիներ մօտակայ շրջաններու կալուածներուն տիրելով, կը հիմնեն շրջակայ գիւղերը, որոնց կազմաւորումը տեղի կ’ունենայ 19-րդ դարու սկիզբը:

     Քեսապի շրջանը մինչեւ 19-րդ դարու կէսերուն վարչականօրէն ենթակայ էր Անտիոքի կառավարիչին, որ ուղղակի կը նշանակուէր Սուլթանին կողմէ: Անտիոք կը մտնէր Հալէպի կուսակալութեան մէջ, իբրեւ առանձին վիճակ գատաա եւ կ’ունենար իր առանձին կուսակալը՝ գայմագամը:

Քեսապի հայ բնակավայրերը ենթակայ եղած են երկու տարբեր կուսակալութիւններու սահմաններուն: Հարաւի գիւղերը.- վերի Պաղճաղազ, վարի Պաղճաղազ եւ Չաթալլէք ենթակայ էին Դամասկոսի կուսակալութեան մաս կազմող Լաթաքիոյ վերակացութեան մութասարիֆութեան: Մնացեալ գիւղերը մտած են Օրտուի կամ Ճեպել Ագրայի շրջանին մէջ, որ կ’ենթարկուէր Հալէպի կուսակալութեան:

     1922-ին, Ֆրանսական իշխանութիւնները կը փոխեն շրջանի վարչական իրավիճակը: Շրջանի փոքրամասնութիւններուն միջեւ եղած լարուածութիւնը մեղմելու մտադրութեամբ, Քեսապի շրջանը կ’անջատուի Օրտուէն եւ կը դառնայ առանձին շրջան, որուն կեդրոնը կ’ըլլայ Քեսապ աւանը: Կառավարիչ կը նշանակուի հայ մը, որուն ենթակայութեան տակ կը դրուի ոստիկանական ջոկատ մը:

19-րդ դարու երկրորդ կիսուն, շրջանին մէջ ի յայտ կու գան առեւտուրով եւ վաճառականութեամբ զբաղող պարոններ (աղաներ), որոնք պարտքի դիմաց կամ դրամով ձեռք կը բերեն կախեալ գիւղացիներու լաւագոյն հողերը եւ զանոնք քառորդով կամ օրականով կ’աշխատցնեն իրենց իսկ կալուածներուն մէջ:

Մինչեւ 1840-ական թուականները, Քեսապ կը համարուէր գիւղերուն կեդրոնը, իսկ շրջանի գիւղերը կը համարուէին Քեսապի թաղերը կամ արուարձանները: Ժամանակի ընթացքին գիւղերը կը բաժնուին կեդրոնէն եւ կ’ունենան իրենց առանձին գիւղապետերը, ինչպէս նաեւ եկեղեցիները, դպրոցները եւ միութիւնները:

1850-ական թուականներուն, շրջան մուտք կը գործեն օտար Միսիոնարներ եւ հետզհետէ մինչեւ դարավերջ կը կազմուին Կաթողիկէ, Աւետարանական եւ Լատին համայնքները: Համայնքներու ի յայտ գալը իր անդրադարձը կ’ունենայ շրջանի հասարակական կեանքին մէջ: Կը ստեղծուին համայնքային հարցեր, ժողովուրդը կը բաժնուի տարբեր համայնքներու, որ իր բացասական անդրադարձը կ’ունենայ շրջանի կազմակերպուածութեան վրայ: Սակայն, օտար միսիոնարներու շրջան այցը կ’ունենայ նաեւ դրական ազդեցութիւն: Անոնց նիւթական մեծ ներդրումով զարկ կը տրուի կրթական մարզին: Մինչեւ 19-րդ դարու կիսուն, ծխական մէկ դպրոցէ զատ շրջանին մէջ ուրիշ դպրոց չկար: Աւետարանական համայնքը բուռն թափով կը զարգացնէ կրթական – դպրոցական գործը: 1880-ին, աւետարանական դպրոցները արդէն բարձրագոյն նախակրթարաններ էին, իսկ 1908-ին, անոնք կը վերածուին բարձրագոյն վարժարանի:

     Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները շրջան մուտք կը գործեն 1890-ական թուականներուն: 1893-ին, Աղասին քանի մը ամգամ իր խումբով կ’այցելէ Քեսապ եւ կը կազմակերպէ շրջանը: Շուտով կը բացուին Հնչակեան մասնաճիւղեր: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը շրջան կը մտնէ աւելի ուշ: 1906-ին, դաշնակցութիւնը մուտք կը գործէ շրջան տեղացի երիտասարդներու կողմէ, որոնք կ’ուսանէին Այնթապի եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարաններուն մէջ:

1910-ին կը ստեղծուի Քեսապի Ուսումնասիրաց Ընկերութիւնը, որուն նպատակն էր կրթական մարզը դուրս բերել յարանուանութեանց ազդեցութենէն եւ զայն դնել ազգային հիմքի վրայ: Նոյն թուականին 6000 բնակչութիւն ունեցող շրջանը ունէր 20-է աւելի վարժարաններ: Այս մեծ թիւը կը բացատրուի յարանուանութեանց գոյութեամբ:

Բնակչութեան պատկերը

1909-ի աղէտը

1915-ի տեղահանութիւնը

Տարագիրներու վերադարձը շրջան

Քեսապի միացումը Սուրիոյ

Քեսապը այսօր