1915-ի տեղահանութիւնը
1915-ի համազգային աղէտը (մաաճըրլըք)ը դարձեալ կու գայ բանալու քեսապցիներու սրտերէն ներս 1909ի աղէտի սպին: Յուլիս 26-ին, տարագրութեան հրամանը Քեսապ կը հասնի հինգ օրէն ճամբայ ելլելու պայմանով: Նախ ժողովուրդը հրամանին չհնազանդելու եւ Գարատուրանի Տիւնակ լեռը քաշուելու տրամադրութիւն կը յայտնէ: Դիմադրութեան կողմնակից կ’ըլլայ յատկապէս Գարատուրան գիւղի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Պետրոս Քհն. Փափուճեան-Աբրահամեանը: Սակայն դիմադրութիւն կազմակերպելու գործը չի յաջողիր:
Շրջանին հայոց տարագրութիւնը կը սկսի Գարատուրան գիւղէն: Քեսապցիք կը տարագրուին երկու ուղղութեամբ.- դէպի Տէր Զօր եւ դէպի հարաւ՝ մինչեւ Յորդանան: Հազարներ կը զոհուին տարագրութեան ճամբաներուն վրայ, ոմանք Ճըսր Շըղուր, Համա, Հոմս, Դամասկոս, Յորդանան ճամբուն վրայ, իսկ մեծամասնութիւնը՝ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ: