Քեսապի միացումը Սուրիոյ
1938 Յուլիս 5-ին, ֆրանսական իշխանութիւններու համաձայնութեամբ, թրքական զօրքերը կը մտնեն Ալեքսանտրէթի Սանճաքը:
Սեպտեմբեր 2-ին, պաշտօնապէս կը յայտարարուի Հաթայ-ի պետութիւնը եւ կ’ունենայ իր պետական սահմանները: Քեսապ շրջանը կը մտնէ այդ պետութեան սահմաններէն ներս: Հաթայ-ի պետութեան շրջանին, թրքական զօրքերու ու պաշտօնեաներու կողմէ ծայր կ’առնեն բռնութիւններ, կեղեքումներ եւ տեղի կ’ունենան զինեալ բախումներ: Մեծ թիւով Քեսապցիներ կը փախչին Պէյրութ կամ կ’ապաստանին լեռները: Այդ շրջանին, Քեսապ կ’այցելեն հայ եւ ֆրանսացի բազմաթիւ անձնաւորութիւններ:
1939 Յունիս 23-ին, Հաթայ-ի պետութիւնը պաշտօնապէս կը լուծուի եւ երկիրը կը կցուի Թուրքիոյ: Քեսապ շրջանի բնակելի մասը կ’անջատուի անկէ ու կը միանայ Սուրիոյ: Այդ ուղղութեամբ, մեծ դեր կ’ունենայ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի Պապական նուիրակ Արհ. Ռէմի Լըփրեթրը: Սակայն, Թուրքիոյ կը կցուի Կասիոս լեռը, որուն լանջերուն ու ձորերուն կը գտնուէին շատերու միակ արտերը, պարտէզները, դափնիի անտառներն ու արօտավայրերը: