Քեսապը այսօր

Վրայ հասնող Համաշխարհային Բ. պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած տնտեսական դժուարութիւնները, աւելի կը ծանրացնեն գիւղացիներուն տնտեսական կացութիւնը: Պէյրութ կը լեցուի քեսապցի սպասուհիներով եւ սպասաւորներով ու Քեսապէն արտագաղթողներուն թիւը կը շատնայ:

1947-ին, շրջանի 5100 բնակիչներէն Հայրենիք կը ներգաղթեն 2407 անձ, այսինքն՝ բնակչութեան շուրջ կէսը:

1950-1960 թուականներուն, տնտեսական մեծ ու արմատական փոփոխութիւններ կը յառաջանան շրջանին մէջ:

1952-ին, ամերիկաբնակ քեսապցիներու օժանդակութեամբ՝ Քեսապ աւանը կ’ունենայ իր ելեկտրակայանը, իսկ 1970-1980 թուականներուն, գրեթէ բոլոր գիւղերը կ’օժտուին պետական ելեկտրականութեամբ:

1950-1960 թուականներուն, Քեսապ հետըզհետէ հռչակ ձեռք կը բերէ իբրեւ ամարանոց: Այնպէս որ, այժմ շրջանին գրեթէ բոլոր գիւղերն ալ յայտնի ամարանոցներ են: Սուրիոյ զանազան շրջաններէն մեծ թիւով ընտանիքներ հոն կալուածներ ու տուներ ունին, ուր կ’անցնեն ամրան եղանակը, իսկ ոմանք ունին պտղատու ընդարձակ եւ եկամտաբեր կալուածներ:
Սուրիահայ հոգեւոր, մարզական եւ բարեսիրական բազմաթիւ միութիւններ ու հաստատութիւններ հոն ունին ամառնային կեդրոններ ու կալուածներ:

Այսօր, հայոց կողքին օտար տարրն ալ մեծ ներկայութիւն է Քեսապի մէջ: