Տարագիրներու վերադարձը շրջան
Զինադադարէն ետք, վերապրողները կամաց – կամաց կը վերադառնան իրենց տուները: Առաջին անգամ Քեսապ կը հասնին բնիկ քեսապցի Ամերիկահայ լեգէոնական քանի մը կամաւորներ, որոնք ֆրանսական իշխանութիւններու Կիլիկիա մուտքէն ետք, 1918ի վերջաւորութեան, կը փախչին եւ կու գան իրենց հայրենի շրջանը: Այսպիսով կը շարունակեն Քեսապ վերադառնալ մնացեալ քեսապցի լեգէոնականները, մինչեւ Օգոստոս 1920: Մինչ այդ, արդէն հայրենի գիւղ վերադարձած կ’ըլլան վերապրողներու մեծամասնութիւնը:
Լեգէոնականներու Քեսապ վերադարձը, բարերար դեր կ’ունենայ տարագրութենէն վերադարձող հայրենակիցներու ճակատագրին վրայ ու կը փրկէ զանոնք նորանոր արհաւիրքներէ, որովհետեւ այդ շրջանին մինչեւ 1922ի սկիզբները, անիշխանութիւն կը տիրէր ամբողջ Անտիոքի շրջանին մէջ:
Լեգէոնականներուն ու վերապրողներուն առաջին գործը կ’ըլլայ, բոլոր յարանուանութիւնները ներկայացնող ու վեց անդամներէ բաղկացած Ազգային Միութիւն մը հիմնել: Ապա կը կազմակերպուին զինուորական, ոստիկանական, դատական, տնտեսական եւ կրթական յանձնախումբեր: Ամէնէն դժուար եւ անմիջական գործը, տիրող անիշխանութեան մէջ, շրջանին ապահովութիւնն էր: Շուրջ 40 կամաւորներէ կազմուած խումբ մը, գիշեր-ցերեկ կը շրջի գիւղէ գիւղ եւ դիրքէ դիրք: Ասոնցմէ ամէնէն երեւելիները կ’ըլլան Ովսիա Սաղտճեան (Գարատայի)ն եւ Միսաք Կիրակոսեան (Միսաքոյ)ը:
Ամենէն վտանգաւոր գօտիներն էին արեւելքն ու հարաւը, ուրկէ ամէն վայրկեան յարձակումներ կ’ակնկալուէր: Քեմալական սպաներու հրոսակախումբեր, երբեմն խուժան մըն ալ հաւաքած, քանի մը անգամ կը փորձեն մտնել շրջանէն ներս, սակայն միշտ ալ կամաւորներու զօրաւոր դիմադրութեան կը հանդիպին: Ազգային Միութեան ոստիկանական ջոկատները ու արտերու պահակները, նոյնպէս առաջքը կ’առնեն ներքին կեանքը խռովող ամէն տեսակ յանցագործութեանց:
Ազգային միութիւնը կը նպաստէ վերականգնումի եւ վերաշինութեան աշխատանքներուն:
1924-ին, յարանուանութիւնները կը սկսին անկախ գործունէութեան: Ազգային միութիւնը ինքնաբերաբար անգործութեան կը մատնուի:
1921-ին Քեսապ շրջանին մէջ, ծայր կ’առնեն նաեւ ներքին անախորժ դէպքեր, որոնք դժբախտաբար կը յանգին եղբայրասպան կռիւներու: Սակայն 1922-ին, ֆրանսական իշխանութիւններու մուտքով խաղաղութիւն կը տիրէ: