Բնակչութեան պատկերը
Քեսապի բնակչութեան մասին առաջին տեղեկութիւնները կու գան 19-րդ դարու կէսէն: 1848-ին, Բողոքական Միսիոնարներու հաղորդած թիւին համաձայն, Քեսապ աւանը կը հաշուէր 300 տուն բնակչութիւն:
Քեսապի բնակչութեան մասին ամէնէն ստոյգ տեղեկութիւնը կու գայ 1911-ին տեղի ունեցած մարդահամարէն, որ կատարած է Լաթաքիոյ Երուսաղէմապատկան հոգեւոր տան տեսուչ եւ առաջնորդ՝ Մովսէս Վրդ. Ոսկերիչեան: Մարդահամարին նկատի առնուած են բոլոր գիւղերը առանց յարանուանական խտրութեան: Ըստ այդ մարդահամարին, Քեսապ իր շրջակայ գիւղերով կը հաշուէր 6115 անձ: 19-րդ դարու վերջերուն, տեղի կ’ունենայ երիտասարդութեան գաղթ մը դէպի շրջակայ հայկական գաւառներ եւ օտար երկիրներ: Գաղթին պատճառը տնտեսական դժուարութիւնն էր: Գաղթերը շարունակուած են նաեւ յետագային, որ ազդած է շրջանի բնակչութեան աճին վրայ: 1915-ին, շուրջ 8000 Քեսապցի տարագրեալներէն, արդէն 5000ը զոհուած են : Մեծ թիւով Քեսապցիներ կ’ապրին նաեւ օտար երկիրներու մէջ եւ ունին իրենց միութիւնները, ինչպէս՝ Պէյրութ, Ա.Մ.Ն., Գանատա, Ա.Մ.Է. եւ այլ երկիրներ: |