Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Տիկնանց Միութիւն

Քեսապի Հայ Կաթ. Տիկնանց միութիւնը որպէս օրինաւոր եւ պաշտօնական կերպով գործող միութիւն, կազմուած է 1996 թուին. սակայն այդ թուականէն առաջ միշտ գոյութիւն ունեցած է խումբ մը կամաւոր ու ժրաջան տիկիններ եւ անձնուէր օրիորդներ որոնք բոլոր նուիրուածութեամբ կ՚ապահովէին եկեղեցւոյ բարեզարդումը եւ բարեկարգաւորումը։
Սոյն միութիւնը ունի իր վարչակազմը, անդամուհիները եւ իր հոգեւոր վարիչը։ Նպատակն է ապահովել եկեղեցւոյ բարեզարդումը, կազմակերպել մշակութային եւ այլեւայլ ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ վառ պահել մեր ժողովուրդին մէջ հայկական աւանդութիւնները բազմատեսակ միջոցառումներու ընդմէջէն։