Քեսապի Հայ Աւետարանական Տիկնանց Միութիւն
Քեսապի հայ Աւետ. Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ տիկնանց միութիւնը ունի 20-30 անդամուհիներ, որոնք ամէն շաբաթ կը հաւաքուին ունենալու իրենց աղօթքի, Աստուածաշունչի սերտողութեան, ազգային, առողջապահական եւ այլ նիւթերու պահերը: Միութիւնը տարուան ընթացքին կ՝ունենայ տարեկան երկօրեայ համագումար, պտոյտ, տարբեր առիթներու ձեռնարկներ եւ ցուցահանդէս:
Քեսապի հայ Աւետ. Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ եւ տիկնանց միւթեան առաքելութիւնը եղած է եւ կը մնայ Քրիստոսի սիրով եւ հոգիով ծառայել կարօտեալին, հասնիլ անկարին ու հիւանդին եւ փրկութեան բարի լուրը տարածել՝ աղ եւ լոյս ըլլալով իր շրջապատին: