Քեսապի եւ Շրջանի Միացեալ Ք.Ջ. Միութիւն

Ք.Ջ. Ընկերակցութիւնը ճոխ երիտասարդական խումբ մըն է, որ կը բաղկանայ՝ (25)-է աւելի օժանդակ եւ գործօն անդամներէ, որոնք կը հաւաքուին իւրաքանչիւր Ուրբաթ օր՝ ունենալու իրենց շաբաթամիջի պաշտամունքը, որ կ՚ընդգրկէ Հոգեւոր, Հոգեբանական եւ Ընկերային նիւթեր: Նաեւ կ’արժէ յիշել որ Ջանիցականներ՝ երկու շաբաթ անգամ մը կ’այցելեն Լաթաքիոյ Արաբ Աւետ. Եկեղեցին ուր միատեղ` կարգ մը Քեսապահայ ուսանող երիտասարդներու հետ կ՚ունենան միացեալ Պաշտամունք, Նիւթ եւ Ընկերային պահ: Ասոր կողքին՝ Քեսապի Միացեալ Պատանեաց խումբը, որ կը բաղկանայ (20)-է աւելի պատանի-պատանուհիներէ կը հաւաքուին իւրաքանչիւր Ուրբաթ օր՝ ունենալու միօրեայ պաշտամունք մը, որ կ’ընդգրկէ հոգեւոր, ազգային եւ ընկերաին այլ նիւթեր:
Երիտասարդներն եւ պատանիներն գործակցաբար իրենց առաջնորդներուն հետ, ջանք չեն խնայեր գործադրելու համար իրենց լսածներն ու սորվածները իրենց եկեղեցական կեանքին մէջ տարբեր առիթներով, որոնցմէ հարկ է յիշել՝ Աւետումի երեկոն, այցելութիւնները եւ տարբեր ընկերային գործունէութիւններ:
Ի վերջոյ, Ք.Ջ Ընկերակցութեան նշանաբանն է՝ «Ծառայել Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ Համար»: Այսուհետեւ՝ այս տարի Ջանիցին թիւը կ’աւելնայ եւ իր շարքին կը միանայ 4 նոր անդամներ, ինչպէս նաեւ՝ 4 նոր անդամներ Պատանեացի շարքէն ներս:
Յոյսով ենք որ Տէրը պիտի օրհնէ մեր եկեղեցիները եւ անոր հետ գործակցող բոլոր խմբակները՝ վառ պահելով Քրիստոնէական սկզբունքներն ու հաւատքը: