Ս.Օ. Խաչ Քեսապ

Ս. Օ. Խաչի Մեղրի մասնաճիւղ

1930-ին Արշակ Ջամալեան ժամանած է Քեսապ հայահօծ շրջանը, Հայ Օգնութեան խաչի մասնաճիւղ մը հիմելու նպատակաւ: Այդ թուականին, Քեսապի մէջ գոյութիւն ունէր Ուսումնասիրաց Ընկերութիւնը, որու կողքին կը գործէր հայ կանանց միութիւն մը՝ Ուսումնասիրաց Տիկնանց միութիւն անունով, որ կը տանէր դաստիարակչական, կրթական եւ մշակութային գործունէութիւն, նիւթական հասոյթը յատկացնելով Ազգ. Ուսումնասիրաց Վարժարանին:
Քեսապի ղեկավար տարրի ջանքերով, վերոյիշեալ միութիւնը դարձաւ Սուրիոյ Կարմիր Խաչի մասնաճիւղ 1930 Յուլիսին, հովանաւորուած Սուրիոյ Կարմիր խաչի Շրջանային Վարչութեան կողմէ, այն պայմանաւ որ միւթիւնը նեցուկ հանդիսանայ Ազգ. Ուսումնասիրաց Վարժարանին, նիւթապէս եւ բարոյապէս: Նորակազմ մասնաճիւղը կը հաշուէր 200 երկսեռ անդամներ:
Երկու տարուայ գործունէութենէն ետք, Սանճագի պարպումով, միութիւնը կազմալուծուեցաւ:
1934-ին Ս.Օ. Խաչը վերակազմուեցաւ եւ մնաց զուտ կանացի միութիւն: 1984 թուականին կոչուեցաւ Ս.Օ.Խաչի Մեղրի մասնաճիւղ:
Քեսապի Ս.Օ.Խաչը հիմնուած օրէն սկսեալ, տարած է խնամատարական, բարեսիրական, կրթական եւ մշակութային լայնածաւալ գործունէութիւն, օրինակ՝
• Ազգային պատսպարանի հանգանակութիւններ
• Ազգ. Ուսումնասիրաց վարժարանի նիւթական օժանդակութիւն
• Քեսապի ազգագրական իրերու ցուցահանդէս
• Ձեռագործներու, անուշեղէններու, տոհմիկ ուտելիքներու ցուցահանդէս վաճառքներ, պարահանդէսներ նաեւ թատերգութիւններ
• Դասախօսութիւններ եւ վիճաբանական ասուլիսներ:

Ս. Օ. Խաչի Գետաշէն մասնաճիւղ

1930 թուականին, Քեսապ-Գալատուրան կ՛այցելէ Արշակ Ջամալեանը եւ հիմը կը դնէ Գարատուրանի ու Քեսապի «Հայ Կարմիր Խաչ» մասնաճիւղին:
1934-35-ին կոչուած է «Սուրիահայ Օգնութեան Խաչ», Գարատուրանի մասնաճիւղը շարունակած է իր գործունէութիւնը գիւղի երիտասարդութեան հետ, միասնաբար աշխատելով կառուցած են գրադարան, որ միեւնոյն ժամանակ գործածուած է որպէս դպրոց:
Սակայն 1941-42-ին երբ հողի սահանք տեղի ունեցաւ, դպրոցը, եկեղեցին ու այլ բնակարններ կործանեցան: Այս տխուր պատահարէն ետք, գիւղացիները կը վերսկսին կառուցել փլատակները, սակայն պարագաներու բերումով աշխատանքները կիսաւարտ կը մնան:
1984-ին Հալէպի Ս.Օ. Խաչի շրջանային վարչութեան թելադրութեամբ, դարձեալ վերակազմուեցաւ Ս.Օ. խաչի Գարատուրանի մասնաճիւղը՝ «Գետաշէն» անունով, այժմ կը գործէ 30-40 անդամ անդամուհիներով:
Մասնաճիւղը վերակազմուելէն ետք իր առաջին գործունէութիւնը եղաւ կէս մնացած սրահը վերականգնել, որ ներկայիս կը գտնուի Մանճիկեան եւ Ղազարեան թաղերու միջեւ, իսկ դպրոցը միացաւ Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանին՝ Քեսապ:
Նորակազմ վարչութիւնը գիւղի մեծերուն եւ երիտասարդներուն հետ շինարարական յանձնախումբ մը կազմելով գործի սկսան, իսկ նիւթականով անոնց նեցուկ կանգնեցաւ  Շրջանային վարչութիւնը, այսպիսով մէջտեղ եկաւ սրահը, վարչութեան սենեակը եւ գրադարանը, որ կը հաշուէ մօտաւորապէս 500 գիրք:
20 Օգոստոս 1985-ին, կատարուեցաւ սրահի բացման հանդիսութիւնը եւ ձեռագործներու ցուցահանդէս վաճառք, նոյն առթիւ սրահը կոչուեցաւ «Ռուբէն Տէր Մինասեան» սրահ:
Վարչութիւնս ունի իր տարեկան հասութաբեր ձեռնարկներն ու այլ գործունէութիւններ: Ս. Աստուածածնայ տօնի առթիւ ճաշկերոյթ, Նոր Տարուայ տօնակատարութիւն, Բարեկենդան, Միջինք, Ս. Յարութեան տօնին առթիւ հաւկթախաղ, մայրերու օրուայ դասախօսութիւն, անդամական հանդիպումներ, Մայիս 28-ի պտոյտ: Կը մասնակցի շրջանային վարչութեան պատգամաւորական եւ սեմինարի ժողովներուն, կ՛օժանդակէ Հայ պատսպարանին ու ծերանոցին:
Ս.Օ. Խաչի Գետաշէն Մասնաճիւղը աւելի քան 78 տարիներ իր գործունէութեամբ կը շարունակէ մնալ Հ.Օ.Մ-ի որպէս միաւոր, օգտակար դառնալով Հայ Ազգին, Հայրենիքին ու Հայ դպրոցին: