Իննսունամեայ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Սուրիոյ 5 Մասնաճիւղերէն մէկն է Քեսապի մասնաճիւղը, որ հիմնուեցաւ 1994-ի Օգոստոս 8-ին:
1995-ին կը կազմէ (ֆութպոլ)-ի խումբ մը, սակայն խումբի կեանքը կարճ կ’ըլլայ դաշտի չգոյութեան պատճառով: Մասնակցած է միջ մասնաճիւղային մարզական փինկ փոնկի, լողի եւ ճատրակի մրցաշարքերուն:
Կը կազմակերպէ մասնաճիւղի անդամներուն դասախօսական շարքեր, ինչպէս նաեւ Սկաուտական շարքերուն միջեւ զանազան մրցաշարքեր:
Մասնաճիւղը ունի սկաուտական շարքեր, որոնք կը հաշուեն 186 քոյր-եղբայրներ: Իրենց տարիքային բաժանումով բաժնուած են երկու միաւորներու. «Գայլ-Արծուիկ» միաւոր եւ «Արի-Արենուշ» միաւոր, որոնք շաբթական հերթականութեամբ իրենց հանդիպումները կ’ունենան ու կը տանին կազմակերպուած ու բեղուն աշխատանք: Կը մասնակցին Հ.Մ.Ը.Մ-ի Սուրիոյ շրջանային վարչութեան կազմակերպած միջ մասնաճիւղային տարեկան տողանցքին որ տեղի կ’ունենայ Քեսապի մէջ Ս. Աստուածածին տօնին առթիւ: Ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի սկաուտ խորհուրդի կազմակերպած տարեկան բանակումին որ տեղի կ’ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ-ի Էքիզօլուխի բանակավայրէն ներս:
Հ.Մ.Ը.Մ-ի Քեսապի Մասնաճիւղը գիւղիս գործունեայ միւթիւններէն մէկն է: Ժողովուրդին յարգանքն ու վստահութիւնը վայելող մասնաճիւղը կ’աշխատի ու կը գործէ հաւատարիմ մնալով Հ.Մ.Ը.Մ-ի նպատակին ու նշանաբանին՝ «Բարձրացիր Բարձրացուր»ին:
|