Հ..Բ.Ը.Մ ՔԵՍԱՊ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր Միութիւնը իր մասնաճիւղերը ունեցած է Քեսապի մէջ՝ (1924-1964) եւ Գարատուրան՝ (1931-1967) ժամանակաշրջաններուն: Այս մասնաճիւղերը նպաստած են Քեսապի բոլոր գիւղերու նպաստընկալներուն, ինչպէս Պաշորտի, Սեւ աղբիւրի, Էսգիւրանի, Տուզաղաճի եւայլն:
Հ.Բ.Ը.Մ-ը այս շրջանին երկու դպրոցներ ունեցած է: Քեսապի մէջ «Քեսապի նպաստընկալ վարժարան», որ նախակրթարան էր եւ ունէր մօտաւորապէս 100 աշակերտներէ աւելի. Տնօրէնն էր Պրն.Ստեփան Եագուպեան: Իսկ Գարատուրանի մէջ «Մեսրոպեան վարժարան», աւելի նուազ թիւով, նախակրթարան եւ տնօրէնն էր Պրն.Գաբրիէլ Գալէնտերեան, որ նոյն ատեն իբր ուսուցիչ պաշտօնավարած է երկու դպրոցներուն:
Հ.Բ.Ը.Մ-ը ունեցած է տիկնանց միութիւններ, որոնք ունեցած են բեղուն աշխատանքներ: 1957-ին Հ.Ե.Ը-ը միացեալ մասնաճիւղ մը ունեցած է Քեսապի մէջ 140 անդամներով, որ կ’ընդգրկէր Քեսապի ընտանիքներու մեծամասնութեան զաւակները: Մեծ եռանդ ստեղծած է քեսապի մէջ ունենալով իր բոլոր մշակութային եւ զանազան ձեռնարկները, յատկապէս ժրաջան ըլլալով թատրոնի մէջ:
Ներկայիս Քեսապի Հ.Բ.Ը.Մ-ը ունի մօտաւորապէս 200 անդամ-անդամուհիներ: Միութեան ակումբը Գարատուրանի նախքին Մեսրոպեանի շէնքն է, որ հողային սահքին պատճառով շատ վնասուած ըլլալուն, փոխադրուած են այժմ քեսապի կազդուրման կայանին մէջ, ուր իրենց աշխատանքը կը վարեն սովորաբար, ամառները դադարելով:
1997-ին ունեցաւ իր առաջի պաշտօնական վարչակազմը որ միութեան նպատակները իրագործել ջանալով սատար կը դառնայ ծառայելով ազգի զաւակներուն, պահելով սաներ եւ օժանդակ դառնալով չքաւոր ու կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Նոյն տարին քեսապի Հ.Բ.Ը.Մ-ը ունեցաւ իր տիկնանց վարչակազմը որ դարձեալ կը կատարէ բարեգործական ծառայութիւններ, մշակութային, ընկերային, գեղարուեստական ձեռնարկներ:
1999-ի Հոկտեմբեր 21-ին հիմը դրուեցաւ քեսապի Հ.Ե.Ը-ին, կազմելով սկաուտական շարքերը, որոնք արդէն մաս կը կազմեն միացեալ բանակումներուն եւ կ’ունենան նաեւ իրենց բանակումը:
Քեսապի Հ.Բ.Ը.Մ-ի կողմէ կազմուեցաւ նաեւ մարզական եւ յատկապէս ոտնագունդի խումբ մը որ կը մասնակցի Լաթաքիոյ մակարդակով կայացած մրցաշարքերուն:
Այսօր Հ.Բ.Ը.Մ-ի Քեսապի մասնաճիւղը գիւղիս միութիւններու շարքին ունի իր գործունէութիւնը. կ’աշխատի ու կը գործէ Հ.Բ.Ը.Մ-ի նպատակներուն հաւատարիմ մնալով: