Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, հին օրերէն ունեցած է իր շուրջ Կիրակնօրեայի պատանեկան շարժում, այդ շարժումը կոչուած է «Կիրկնօրեայ», աւելի կանոնաւորապէս գործած է 1983-էն ի վեր շնորհիւ խումբ մը նուիրեալ երիտասարդներու, եւ 1993-ին երբ յիշուեցաւ սոյն շարժման տասնամեակը, այդ օրէն ի վեր ան կոչուեցաւ «Հ.Կ.Մ.» այսինքն՝ Հայ Կաթողիկէ Միութիւն։
1995-ին Հ.Կ.Մ.ի պատանեկան միջ-մասնաճիւղային երրորդ համագումարէն ետք, ան ունեցաւ նաեւ իր պաշտօնական Կանոնագիրը։
Հ.Կ.Մ. պատանեկանի նպատակն է պատանիներուն ապահովել քրիստոնէական եւ հայկական դաստիարակութիւն, զանոնք միշտ մօտեցնելով եկեղեցւոյ եւ տոգորելով անոնց սրտերը հայկականութեամբ եւ հայասիրութեամբ։
Հ.Կ.Մ.-ը ունի իր հոգեւոր վարիչ վարդապետը եւ պատանեկան խորհուրդ մը որպէս պատասխանատուներ։
Հ.Կ.Մ.-ը ունի դաստիարակչականէն զատ զանազան գործունէութիւններ՝ ընկերային, մարզական եւ գեղարուեստական մարզերէն ներս։
|