Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի

Համառօտ ակնարկ

Քեսապի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան

 

Քեսապի մէջ առաջին անգամ կը յիշուի հայ կաթողիկէ հասարակութեան մը մասին՝1852 տարուան վերջաւորութեան,երբ 16  ընտանիքներ,ընդամէնը  110 հոգի՝ հզօր Ֆրանսացի իշխանութենէն նպաստաւորուելու եւ տուրքերէ զերծ մնալու դիտումով,կը դաւանին կաթողիկէութիւնը՝ եւ կը դիմեն Գրիգոր –Պետրոս Ը. Աստուածատուրեան կաթողիկոս-պատրիարքին,որ իրենց համար վարդապետ մը ղրկէ Քեսապ:

Ընդառաջելով անոնց փափաքին կաթողիկոսը 1853-ին,Քեսապ կը ղրկէ՝ Յովհաննէս վրդ. Բեռնարդոսեան Զմմառու միաբանը,որ քննէ տեղւոյն հաւատացեալներուն վիճակը:(Դիւան Զմմառու,տուփ՝1853)

Յետագային երբ հաւատացեալներուն թիւը կը հասնի աւելի քան 400-ի,Քեսապի նոր առաքելութեան պատասխանատու կը կարգուի Միքայէլ վրդ. Աբրահամեան եւ անհրաժեշտ կը տեսնուի եկեղեցւոյ մը կառուցումը: Հաւատացեալները կը դիմեն կաթողիկոսին ,անկէ օգնութիւն ստանալու,իրենց եկեղեցւոյ կառուցման համար:

Մինչ այդ Գալատուրանի կաթողիկէ հաւատացեալները կը նորոգեն իրենց գիւղի Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ հոն պատարագ կը մատուցուի:

Զմմառու դիւանէն ի յայտ կու գայ թէ 1855-ին սկսած է Քեսապի մէջ եկեղեցւոյ մը  կառուցումը:Սոյն եկեղեցւոյ շինութեան իրենց նիւթական ներդրումը կ’ունենան՝Հռոմի «Հաւատոյ տարածման սուրբ ժողովը»,Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը,Միսիրլեան բարերարը եւ Քեսապի հաւատացեալ ժողովուրդը,որ կը հանգանակէ ծախսերուն մէկ երրորդը:Եկեղեցւոյ կառուցումը կ’աւարտի 1861-ին:Անոր ճակատին կը տեսնենք հետեւեալ գրութիւնը.-

ԿԱՌՈՒՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՍ

ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ

ՅԱՄԻ ՏԵԱՌՆ 1861

ՅԱՄՍԵԱՆՍ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ

 

Քեսապի մէջ 1853-էն կը ծառայէին Զմմառեան միաբանութեան հայրերը.երբ 1862-ին Քեսապը կը կցուի Անտիոքի թեմին,եկեղեցւոյ հոգածութիւնը կ’անցնի Անտոնեան միաբանութեան ձեռքը եւ առաջին «Անտոնեան» հովիւը կ’ըլլայ հայր Մարկոս Մանասեանը: 1875-1908 Քեսապի առաքելութիւնը յանձն կ’առնէ քեսապցի հայր Նիկողայոս Պէօճիւկեանը: Ան կը տանի նաեւ յեղափոխական եւ ազգային գործունէութիւն:

1908-ին կաթողիկոսական հրամանով առաքելութիւնը կը վերադառնայ Զմմառեան հայրերուն . կը յաջորդեն թրքական կոտորածները 1909 թուականին: Ժողովուրդը կը վերանորոգէ կիսաքանդ եկեղեցին, բայց դժբախտաբար կը հասնին մեծ եղեռնի մահասփիւռ օրերը եւ համայն Քեսապը տեղահան կ’ըլլայ եւ քեսապցին կը բռնէ  գաղթի  ճամբան:

Տեղահանութենէն վերադարձին 1918-1922 Քեսապ կը մնայ առանց Հայ Կաթողիկէ վարդապետի. հաւատացեալներուն հոգ հոգւոցը կը յանձնուի մեծանուն Հայր Սափաթինօ Տէլ Կայծօ լատին համայնքի վարդապետին,հռչակաւոր դարձած բոլոր շրջանի հայութեան մեծապէս օգտակար ու փրկարար գործունէութիւններով, մջամտութիւններով , շինարարութիւններով եւ համերաշխ հոգիի ստեղծումով:

1922-ին Քեսապ կը ղրկուի  հայր Յովհաննէս վրդ. Քիրեջեանը:Քեսապի կաթողիկէները կը բաժնուին երկու համայնքի մինչեւ 1946 ,երբ լատին հայրերը կը քաշուին հոնկէ եւ ծիրանաւոր Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքին խնդրանքով,լատիններու եկեղեցիները,վանքերը եւ վարժարանը կը յանձնուին հայ կաթողիկէ համայնքին:

Այդ օրէն Քեսապի հայ կաթողիկէ եկեղեցին կը փոխադրուի «Անարատ Յղութեան» եկեղեցիէն՝ լատինաց գեղակերտ Ս. Միքայէլ վանական համալիրին մէջ,որը կառուցուած էր 1925-ին: Իսկ 1981-ին «Անարատ Յղութեան» եկեղեցին կը վերածուի եկեղեցական հանդիսասրահի:

1946-էն ասդին, Քեսապի հայ կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ իբր ժողովրդապետ կը ծառայեն Զմմառեան իրերայաջորդ իննը վարդապետներ :

Քեսապի Հայ կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ կը գործեն -.

ա)Հայ կաթողիկէ Բարեյուսոյ Վարժարանը՝իր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով:

բ)Ս.Միքայէլ եկեղեցւոյ տիկնանց միութիւնը՝որը մնայուն նեցուկ է եկեղեցւոյ իր զանազան ձեռնարկներով  եւ միջոցառումներով:

գ)Հ.Կ.Մ. պատանեկան միութիւնը՝որը կը հոգայ պատանիներուն ազգային եւ հոգեւոր դաստիարակութիւնը իր կիրակնօրեայ հաւաքներու ընդմէջէն:

դ)«Կիլիկիա» թանգարանը՝իր ազգային եւ ազգագրական զանազան իրերով:

ե)«Հ.Մեսրոպ Ճուրեան» գրադարանը՝ իր գրքերու մեծ հաւագածոյով:

Քեսապի եկեղեցին ունի նաեւ Գալատուրան գիւղին մէջ «Կըղիցիկ» կոչուած ուխտատեղի-մատուրը,ուր ամէն տարի Այլակերպութեան տօնին կը մատուցուի հանդիսաւոր սուրբ պատարագ եւ տեղի կ’ունենայ «Վարդավառ»ի տօնակատարութիւն:

1996-ին,բացումը կը կատարուի՝ ձեռամբ Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան կաթողիկոսին,եկեղեցւոյ կից վիմաբոր արձանագրութեան եւ յիշատակարանին,նուիրուած երջանկայիշատակ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան ծիրանաւոր կաթողիկոսին,որուն ազդու միջամտութեամբ, Քեսապը անջատուեցաւ Թուրքիայէն եւ մաս կազմեց Սուրիոյ հանրապետութեան:

2014-ին Քեսապի վրայ ահաբեկիչներու ներխուժումով,Ս. Միքայէլ եկեղեցին եւ անոր զանազան կառոյցները կը ստանան մեծ հարուած եւ կ’ենթարկուին թալանի եւ աւերի:Բայց շնորհիւ աշխոյժ եւ շինարար ժողովրդապետ՝ Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեանի եւ մեծ օժանդակութեամբ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին եւ զանազան բարերարներու, կը վերանորոգուի եկեղեցին եւ անոր զանգերը,վարժարանն ու հանդիսասրահը:

2018-ին օծումը եւ բացումը կը կատարուի,եկեղեցւոյ կից ՝Աստուածամօր արձանին,որ կ’ըլլայ Քեսապ ժամանող  բոլոր զբօսաշրջիկներու այցելավայրը:

Աւելի քան 170 տարի,Քեսապի հայ կաթողիկէ եկեղեցին իր  մնայուն ներկայութեամբ մաս կը կազմէ Քեսապի պատմութեան եւ կը կազմէ հայկական գեղեցիկ խճանկար մը՝ քոյր եկեղեցիներու հետ,ինչպէս ամէն հայկական գաղութի մէջ.եւ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Քեսապի պատմական աւանին ինքնութեան պահպանման եւ անոր բարելաւման գործին:

Պարոն Ռաֆֆի Ճուրեան