Քեսապի Հայ Աւետարանական Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի
(1853-2008)
Հայ Աւետ. Շարժումը, Մայր Եկեղեցիին ծոցին մէջ Հոգեւոր արթնութիւն մըն էր՝ եկեղեցին բարեկարգելու ներշնչումով: 1846-ին սկսած Հայ Աւետ. Շարժման ալիքները Քեսապ կը հասնին 1848-ին երեք հանգրուաններով.
Առաջին. 1844-1845 թթ., Պորտի միսիոնարներէն Վան Լենեբ (Van Lennep), դէպի Այնթապ ճամբորդութեան ընթացքին, քանի մը հայատառ թրքերէն Նոր Կտակարաններ կը ձգէ Քեսապ: Այս մէկը հետաքրքրութիւն կ’արթնցնէ կարգ մը երիտասարդներու մօտ, որոնք կը հաւաքուին կարդալու եւ սերտելու զայն, եւ որ պատճառ կը դառնայ Հայ Աւետ. Եկեղեցիի մը ծագումին:
Երկրորդ. Մըղտըս Հաննա, որ կը փորձէր իր աւետարանական բարեկամը իր համոզումներէն ետ ընելու, ինքն ալ աւետարանական շարժումին կը փարի , եւ Աւետարանը կարդացողներուն եւ զայն սերտողներուն խումբին կը միանայ:
Երրորդ. Յակոբ Վարժապետ 1848-ին Քեսապ կը ղրկուի Առաջնորդարանին կողմէ. ան կը ստանձնէ Սուրբ Գիրքի սերտողութեան խմբակին առաջնորդութիւնը, որուն հաւաքները կանոնաւոր Հոգեւոր ժողովներու բնոյթ կը ստանան: Այս ժողովները տեղի կ’ունենան վարձուած տուներու մէջ: Անոնք հաւատարիմ մնալով հանդերձ Մայր Եկեղեցիին, կը շարունակեն իրենց յատուկ ժողովները: Յակոբ վարժապետի ընթացքը՝ կը մղէ Քեսապի ազգային իշխանութիւնները պաշտօնազուրկ ընելու զինք:
1850-1862 թթ. Քեսապի Հայ Աւետ. Եկեղեցին կ’ապրի իր կեանքին ամէնէն փոթորկալից, բայց ամէնէն աճուն եւ կենսունակ շրջանը: Եկեղեցին կը մնայ առանց հովիւի, բայց կը յարատեւէ այցելու հովիւներու ջանքերով:
1853-ի Մարտէն սկսեալ, աւետարանականներ Օսմանեան տուրքերու Տոմարին մէջ կը զատուին առաքելականներէն տեղական իշխանութիւննրու կողմէ, եւ կը ճանչցուին որպէս զատ եւ անջատ համայնք:
23 Մայիս 1853-ին, ծնունդ կ’առնէ Քեսապի Հայ Աւետ. Եկեղեցին՝ 12 անդամներով: Այս թուականին աւետարանական արձանագրուողներուն թիւը 200 է:
1850-էն սկսեալ՝ Քեսապ եւ իր շրջանները շատ յաջող աւետարանչութեամբ կը զբաղին. Սուլթանի հրովարտակով 1859-ին Աւետարանականներ կը սկսին եկեղեցական շէնք մը կառուցել, որ գործի կը դրուի 1860-ին. Աւետարանական ընտանիքներու բոլոր անդամները միասնաբար իրենց ժամանակները ու ջանքերը կը տրամադրեն եկեղեցաշէնքը կառուցելու համար: Մէկ տարի ետք՝ 1854-ին, Քեսապի Հայ Աւետ. Եկեղեցին հետզհետէ կը շատնայ ունենալով 34 Հաղորդական եւ 300 տրատու անդամներ: Առաջին եկեղեցական պաշտամունքին ներկայ կ’ըլլան 550 հոգի: Այս շրջանին Քեսապի Եկեղեցին մեծ թիւով կամաւոր գործիչներ կ’ունենայ, որոնք կը զբաղին աւետարանչութեամբ: Հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն եւ աննպաստ պայմաններուն, Աւետարանական Եկեղեցին մեծ զարգացում ցոյց կու տայ: 1853-ին 12 անդամներով սկսող եկեղեցին՝ 1868-ին կ’ունենայ 192 գործօն անդամներ, որոնք շատ արդիւնաւոր եւ պատասխանատու բաժին կ’ունենան Աւետարանական Շարժումի տարածման եւ զարգացման մէջ: Այստեղ յիշենք թէ՝ Գայաճըգի, Չինարճըքի, Քէօրքիւնէի, Էքիզօլուքի, եւ Գալատուրանի Հայ Աւետարանական ժողովուրդը իւրաքանչիւր ամսուան առաջին Կիրակին իրենց պաշտամունքը կ’ունենային Քեսապի մէջ:
1860-ին Եկեղեցին կ’ունենայ 41 Հաղորդական եւ 400 անդամներ: Նոյն տարուան Փետրուարին տեղի կ’ունենայ եկեղեցիին առաջին պաշտամունքը՝ նոր եկեղեցաշէնքին մէջ: Քանի մը ամիսներ ետք կը կատարուի նաւակատիքի պաշտամունքը, որուն կը մասնակցին շուրջ 1000 հոգիներ:
1873-ին տեղի կ’ունենայ Կիլիկիոյ Միութեան տարեժողովը Քեսապի Եկեղեցիին մէջ:
1874-ին կը ձեռնադրուի Վեր. Ստեփան Մահշիկեան (Քեսապցի առաջին ձեռնադրեալ Հովիւը), որ կը պաշտօնավարէ 7-10 տարիներ, որուն ընթացքին եկեղեցին թիւով կ’աճի, կազմակերպչականօրէն կը զարգանայ եւ կրթական մարզին մէջ կը յառաջդիմէ: Այսպիսով Հայ Աւետ. Եկեղեցին յաջորդ տարիներու ընթացքին կ’ունենայ ծառայող Հովիւներ մինչեւ 1902-1903 թթ.: Այս տարիներու ընթացքին,Այնթապի Հոգեւոր արթնութիւնը կը հասնի Քեսապ եւ ժողովուրդը Հոգեւորապէս կը նորոգուի:
1909-ին, Վեր. Տ. Գունտագճեան՝ Նոր եկեղեցաշէնքի կառուցման համար Կայսերական Հրովարտակ մը կը ստանայ, եկեղեցին օժտելու համար արդիական շէնքով մը: 1912-1913 թթ. կը սկսի եկեղեցաշէնքին կառուցումը, սակայն կէս կը մնայ Մեծ Եղեռնին պատճառով (Քեսապցիները այս եկեղեցին կը կոչեն «Ճերմակ Եկեղեցին»:
1915-ին եկեղեցիին Հաղորդական անդամներուն թիւն է 320 եւ ժողովուրդին թիւը՝ 1500:
1918-ին, զինադադարէն ետքը՝ Քեսապի ժողովուրդը կը սկսի հաւաքուիլ իր աւերեալ բոյնին մէջ: Սկզբնական այս շրջանին քեսապցիներ ինքնապաշտ- պանութեան միջոցներ կը ստեղծեն եւ բախումներ կ’ունենան դրացի Թուրք գիւղացիներու հետ:
1929-ին Սուրիոյ եւ Լիբանանի Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Միութեան տարեժողովը կը գումարուի Քեսապի մէջ: 1929-1930 թթ. եկեղեցին կը մնայ առանց հովիւի:
Այս ժամանակամիջոցին ժողովուրդին նիւթական նեղ պայմաններուն պատճառով, Վեր. Տ. Գունտաւճեանի սկսած եկեղեցաշէնքին կառուցումը կը կասի:
1930-1932 թթ. Վեր. Եղիա Քասունի կը ծառայէ որպէս Հովիւ: Անոր տարիներուն է, որ եկեղեցիէն ներս մեծ փոթորիկ մը ծայր կ’առնէ:
1931-ին եկեղեցին կ’ունենայ 27 հաղորդական այր մարդիկ:
1947-ի ներգաղթի պատճառով Հայ Աւետարանականներուն թիւը կը նուազի:
1966-ին Միութեան Համաժողովը տեղի կ’ունենայ Քեսապի մէջ, Յուլիսի 12-17: Եւ 1966-ի սկիզբը լուրջ խորհրդակցութիւններ տեղի կ’ունենան կիսաւարտ եկեղեցաշէնքը ամբողջացնելու: 1967-1968 թթ. արդէն աշխատանքները կը սկսին եւ եկեղեցիին կառուցումը կ’ամբողջանայ 1970-ին: Այս գործին յաջողութեան մեծ բաժինը կը պատկանի Վեր. Ա. Գերպապեանի: Բարերար բարեկամներ եւ եկեղեցիին ժողովուրդը չեն խնայեր աշխատանք եւ օժանդակութիւն:
1967-1969 թթ., եկեղեցին իր սեփականութենէն հողամաս մը կը նուիրէ Քրիստոնէական Ջանից ընկերակցութեան՝ ամառնային համագումարներու գործածութեան համար, որ մինչեւ օրս կը ճանչցուի որպէս «Քջակ»:
1970-ի Յուլիս 7-12, Քեսապի մէջ տեղի կ’ունենայ Միութեան 38-րդ Համաժողովը, որուն ընթացքին կը կատարուի նորաւարտ Ճերմակ Եկեղեցիի Նաւակատիքը:
1977-1980 թթ. հովուութեան գործը կը ստանձնէ Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան. 1978-ին մեծ շուքով կը տօնուի Եկեղեցիին 125-ամեակը: Իսկ 1986-ին Միութեան Համաժողովը տեղի կ’ունենայ Քեսապ:
1993 տարին՝ կը նշուի Քեսապի Հայ Աւետ. Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցիինն հիմնադրութեան 140-ամեակը, որուն ընթացքին հանդիսաւոր պաշտամունքով վայելած է Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան բարձր հովանաւորութիւնը եւ հիւրընկալած Միութեան 50-րդ Համաժողովը:
2003-ին շքեղ հանդիսութիւններով կը յիշատակուի Հայ Աւետ. Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցիինն 150 ամեակը։
Այս ամփոփ պատմական ակնարկին մէջ ուշագրաւ է տեսնել թէ՝ Քեսապի Հայ Աւետ. Սբ. Երրորդութիւն Եկեղեցիին կեանքը անցած է դժուարութիւններէ, սակայն Աստուծոյ օգնութեամբ ան իր առաքելութիւնը, վկայութիւնն ու ծառայութիւնը կատարած է լաւագոյն կերպով:
Եկեղեցիս, ծառայող գործիչներու առաջնորդութեամբ իր առաքելութիւնը կը շարունակէ ունենալով՝ Կիրակնօրեայ, Պատանեաց, Ջանից, Տիկնանց գործօն խմբակներ, ինչպէս նաեւ Աւետարանչական եւ Սերտողութեան խմբակներ, որոնք ջանք չեն խնայեր եկեղեցին միշտ արթուն եւ ճոխ պահելու համար, գործակցելով քոյր եկեղեցիներու հետ: