Քեսապի Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցի
Հայ ժողովուրդի գոյութիւնը երաշխաւորող կառոյցներէն, առաջնահերթ դիրք գրաւող, տրոփող սիրտն է հայոց եկեղեցին, որ դարեր շարունակ հաստատ վէմը եղած է այն ալիքներուն դիմաց, որոնք եկած են փշրուելու անոր վրայ:
Այդպէս եղած է Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որուն պատմութեան էջերը այնքան հին են, որ երբեմն մոռացութեան էջերուն մէջ աւաղ կորսուած են: Այդ մոռացութեան էջերուն մէջ սակայն լոյսի նշոյլի մը կը հանդիպինք, որ վաւերական փաստ մըն է հնադարեան եկեղեցւոյ մասին վկայող. միակ արձանագրութիւն մը, որ կ՛ըսէ: (ԱՅՍ Է ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ, ՈՐ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՑԱՒ ՅԱՄԻ ՏԵԱՌՆ 1880 թուին): Այս թիւը արդէն 128 տարուայ գոյութիւն կ՛ենթադրէ, իսկ այդ թուականին նորոգուած ըլլալը մեզ կ՛ըսէ թէ այդ թուականէն շատ առաջ գոյութիւն ունեցած է եւ մինչեւ օրս կանգուն մնացած միակ ականատես վկան է, որ իւրաքանչիւր քարին մէջէն մեզի կը պատմէ դաժան օրերուն մասին երբ փուլ է եկած, երբ կրակի է տրուած. իսկ այսօր խրոխտ կեցուածքով կը շարունակէ իր երթը դէպի յաւերժութիւն:
Պէտք է շեշտել որ Ս. Աստուածածին եկեղեցին Քեսապի մէջ գործող եկեղեցին է. շրջակայ գիւղերուն մէջ նաեւ ունինք եկեղեցի եւ մատուռներ: Գարատուրանի մէջ ունինք դարձեալ Ս. Աստուածածին կոչուող եկեղեցին, ուր ամսական դրութեամբ մէկ անգամ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ տեղի կ՛ունենայ: Նոյն այս շրջանին մէջ ունինք նաեւ Ս. Ստեփանոս մատուռը, ծովահայեաց գեղեցիկ դիրքով, որ կը մնայ որպէս ուխտատեղի, միայն առիթներով օգտագործուելու ըստ ժողովուրդին փափաքին: Էսկիւրէն գիւղին մէջ ունինք Ս. Աստուածածին մատուռ-ուխտատեղին, որ բարեպաշտ ժողովուրդին համար ժամադրավայր կը դառնայ յատկապէս Ս. Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առթիւ, երբ մատաղցու ոչխարները կը զենուին եւ Քեսապցի երիտասարդներու աշխատանքով կը պատրաստուի աւանդական Հերիսան եւ Ս. Պատարագէն ետք կը բաժնուի հաւատացեալ ժողովուրդին:
Այսօր Ս. Աստուածածին եկեղեցին կեդրոնական տեղ կը գրաւէ Քէսապահայութեան կեանքին մէջ: Եկեղեցական տօները, Հինգ Տաղաւարները, Ծիսական արարողութիւններն ու խորհուրդները ժողովուրդին հետաքրքրութեան առարկայ են. հաւատացեալները անյագ ծարաւով մը կու գան ըմբոշխնելու Քրիստոսաւանդ խօսքերը, աղօթքները եւ եկեղեցւոյ ուսուցումները:
Եկեղեցին կը հովանաւորէ նաեւ Քեսապի գրեթէ բոլոր ձեռնարկները, անոր ներկայութիւնը անհրաժեշտ է հասարակութեան կեանքէն ներս. հաւատքի աղբիւրն է ան բարեպաշտ ժողովուրդին համար, ուր հաւատացեալը կը գտնէ իր աղօթքներուն պատասխանը, ուր ան կը հանդիպի իր Արարիչին եւ իր հոգեկան խաղաղութիւնը կը վերագտնէ:
Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցին պատմութեան ընթացքին եւ ցայսօր դարձած է այն նաւը, որ կենաց փոթորկալի օրերուն առաջնորդեց իր ժողովուրդը դէպի խաղաղ նաւահանգիստ, դէպի ափերը խաղաղութեան, ապահովութեան եւ յաւերժութեան:
21-րդ դարու հրամայականին դիմաց, այսօր, ինչպէս սփիւռքեան բոլոր գաղութներուն մէջ, Քեսապի մէջ նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցին ունի իր դերակատարութիւնը նորահաս սերունդներուն ջամբելու հաւատքի սկըզբունքները:
Արհեստագիտականօրէն զարգացած պայմաններու մէջ ծնող, սնող եւ աճող սերունդին հնադարեան եւ քրիստոսաբոյր հաւատքը սերմանելը սրբազան առաքելութիւն է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ համար: Մոլութիւններուն դէմ պայքարելու կոչուած է այսօր Քեսապի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին:
Երիտասարդութիւնը իր շուրջ հաւաքելու եւ իրենց կանուխ հասունցած մտքերուն մէջ Քրիստոսի 2000 ամեայ աւանդոյթները, աննախընթաց, նորացուած եւ մերօրեայ կեանքին պատշաճեցուած մեթոտներով սերմանելու պարտաւորութիւնը ունի Առաքելական Եկեղեցին:
Ի վերջոյ, այսօրուայ երիտասարդին իւրաքանչիւր հարցումին պատասխան տալու յանձնառութեան դիմաց կը գտնուի մեր եկեղեցին եւ արդարօրէն կը յաջողի իր առաքելութեան մէջ: Մեր անուանի բանաստեղծներէն Վահան Թէքէեան պիտի ըսէր. (Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս):
Իսկապէս Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցին հոգեկան ծննդավայր է հաւատացեալ քեսապցիին համար: