Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ Վարժարան

Հայ դպրոցը երկրորդ տունն է հայ մանուկին ու հայ աշակերտին։ Հայը՝ ուր որ ալ գտնուած է, ունեցած է իր հայկական դպրոցը։ Այսպէս, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ առաջին յիշուած հայկական դպրոցը կառուցուած է Անտոնեան հայրերու կողմէ 1861 թուին։ Միւս կողմէ, Քեսապի մէջ հաստատուած լատին հայրերը իրենք ալ կը բանան շարք մը դպրոցներ՝ Քեսապի, Պաղճաղազի, Գարատուրանի եւ Չինարճըգի մէջ։ Քեսապի դպրոցին աղջկանց բաժինը կը յանձնուի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերուն խնամքին, որ կը գործէ մինչեւ 1946 դէպի Մայր Հայաստան ներգաղթի ժամանակ։ Նոյնը կը պատահի միւս դպրոցներուն, որոնք կը դատարկուին ներգաղթին ժամանակ։ Այժմ միայն կը մնայ ու կը գործէ Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ Վարժարանը։ 1997ին կը նորոգուի եւ կը բարեզարդուի «Գալուստ Կիւլպենկեան» հաստատութեան նպաստով եւ կ’ունենայ նոր յարկ մը ու արդիական սարքաւորում։ Վարժարանս իր տեսչական եւ ուսուցչական կազմերով, կր շարունակէ պահել իրեն վստահուած կրթական-բարոյական եւ հոգեւոր-ազգային դաստիարակութիւնը։
Այս բոլորին կողքին դպրոցական տարեշրջանին ընթացքին վարժարանս կը կազմակերպէ զանազան եւ բազմապիսի ձեռնարկներ, կ՚արժէ յիշել Կաղանդ Պապայի հանդէսը եւ որուն ընթացքին ծնողքներուն ներկայութեամբ, աշակերտները կը ներկայացնեն Ս. Ծնունդի եւ Կաղանդի առընչուող յայտագիր։ Իսկ ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը տեղի կ՚ունենայ ուսուցչակազմի յատուկ կազմակերպութեամբ եւ բոլոր աշակերտներու մասնակցութեամբ եւ ելոյթով։
Արդ, որպէս սփոիւռքեան Հայ Վարժարան, իր զրահուած ոսուցչաման ու դաստիարակչական բարձր մակարդակով, մարդկային, հոգեւոր եւ ազգային մաքուր տեսլականներով կ՚առաջնորդէ մեր այսօրուան հայ մանուկներուն քայլերը, եւ վաղուան պատանիներուն քաջարի ոստումները, դէպի կեանքի ապահով ափերը յաջողութեան, կերտելով մեր զաւակներուն մէջ իրենց մանկութենէն սկսեալ առաքինի Մարդը, ազգասէր եւ հայրենասէր Հայը ու հաւատացեալ քրիստոնեան։