Հայ Աւետարանական Վարժարան
•Քեսապի Հայ Աւետ. Վարժարանը հիմնուած է 1848-1852 երկարող շրջանին:
•1852-ին ունեցած է 20 աշակերտներ, 1853-ին երբ եկեղեցին պետական ճանաչում կը ստանայ, աշակերտութեան թիւը կը կրկնապատկուի, ու կ’ըլլայ 45:
•1855-ին կը հիմնուին անջատ երկու դպրոցներ, մէկը՝ մանչերու, ու միւսը աղջիկներու, որոնք անընդհատ կը գործեն մինչեւ 1915 թուականը:
•1857-ին երկու դպրոցներու աշակերտութեան թիւը կը հասնի 251 աշակերտի:
•1860-ական թուականներուն, աղջկանց վարժարանի կողքին կը սկսին չափահաս աղջիկներու ու կանանց գիշերային ու ցերեկային դասընթացքներ:
•1908-ին աղջկանց բաժինը կ’օժտուի գիշերօթիկի բաժինով մը՝ հեռաւոր գիւղերէն եկող աշակերտուհիներուն համար, ու դպրոցը կը վերածուի բարձրագոյն վարժարանի, եւ շրջանաւարտներու առաջին հունձքը կու տայ 1911-ին:
•Մանչերու վարժարանը՝ 1874-1884-ի միջեւ կը վերածուի միջնակարգի:
•1905-1915-ի միջեւ դպրոցը կը բանայ գիշերօթիկի բաժին մը, ու 1911-ին կը ճանչցուի իբր բարձրագոյն վարժարան:
•1908-ին, տղոց եւ աղջկանց վարժարանները ունեցած են 472 աշակերտներ-աշակերտուհիներ:
•1909-ի ջարդերուն, թուրքերը կը քանդեն ու կ’այրեն դպրոցի շէնքերը:
•1910-ին կը կառուցուին երկու դպրոցական շէնքեր, արեւելեանը՝ աղջկանց, իսկ արեւմտեանը՝ մանչերու:
•Մանչերու վարժարանին հսկողութիւնը 1855-1861 տարիներուն կը ստանձնեն Ամերիկացի Միսիոնարներ, ապա զայն կը յանձնեն Քեսապի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին: Իսկ աղջկանց վարժարանին վրայ Ամերիկացի Միսիոնարուհիներու հսկողութիւնը կ’երկարի 1855-1911, եւ ապա կը յանձնուի Քեսապի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին:
•19-րդ դարուն մէջ իսկ, այս դպրոցի շրջանավարտներէն մուտք գործած են համալսարան, ինչպէս՝ Տոքթ. Սողոմոն Աբելեանը, որ 1890-ին եղած է առաջին շրջանավարտ բժիշկը Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Բժշկագիտական Դպրոցէն: Շատ մը շրջանաւարտներ շարունակած են իրենց ուսումը Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի, Այնթապի Թուրքիոյ Կեդրոնական Գոլէճի, եւ նոյնիսկ Անգլիոյ եւ Ամերիկայի համալսարաններուն մէջ: Քեսապի Հայ Աւետ. վարժարանը նաեւ տուած է որակաւոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, ոչ միայն Քեսապի համար, այլեւ՝ Անտիոքի, Աղեքսանտրէթի եւ բազմաթիւ գիւղերու դպրոցներուն համար:
•Տարագրութենէն առաջ, 1914-ին, Քեսապի եւ շրջանի Հայ Աւետ. վարժարաններու աշակերտութեան թիւը եղած է 900:
•Տարագէութենէն ետք, 1924-ին կը վերաբացուի Քեսապի Աւետ. վարժարանը՝ երկսեռ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով:
•1925-1926 տարեշրջանին, վարժարանը կ՛ունենայ 165 աշակերտ-աշակերտուհի: Այս տարեշրջանին կը նորոգուի դպրոցի շէնքը:
•1927-1928 տարեշրջանին, պայմանագրութիւն մը կը կնքուի Քեսապի Հայ Աւետ. վարժարանի հոգաբարձութեան եւ Ուսումնասիրաց Ընկերութեան երկրորդական վարժարանի հոգաբարձութեան միջեւ, որ Հայ Աւետ. վարժարանի բարձրագոյն դասարանի աշակերտները ընդունուին Ուսումնասիրաց Ընկերութեան երկրորդական վարժարանէն ներս:
•1932-1933 տարեշրջանին վարժարանը կ՛ունենայ 208 աշակերտ-աշակերտուհիներ:
•1933-1934 տարեշրջանին աշակերտութեան թիւը կը նուազի 83-ի, ներքին բաժանումներու պատճառով:
•1835-ին Հալէպի շրջանային Յանձնաժողովի հովանաւորութեան տակ, Քեսապի Հայ Աւետ. վարժարանը կը բարձրանայ բարձրագոյն նախակրթարանի (junior high school), կ՛ունենայ 260 աշակերտ: Նոյն թուին, Քեսապի եւ շրջակայ Հայ Աւետ. վարժարաններուն աշակերտութեան ընդհանուր թիւն կը հասնի 447ի:
•1942-ին վարժարանը կը վերածուի իննամեայ միջնակարգ վարժարանի:
•1944-1945 տարեշրջանին, վարժարանը կ՛ունենայ 152 աշակերտ-աշակերտուհի:
•Հայրենադարձութենէ ետք, աշակերտութեան թիւը զգալիօրէն կը նուազի, որովհետեւ Աւետարանական ընտանիքներ մեծ թիւով Հայրենիք կը ներգաղթեն:
•1947-1948 տարեշրջանին վարժարանը կ՛ունենայ միայն 30 աշակերտ:
•1953-ին դպրոցին կառավարական արտօնութիւնը կը վերանորոգուի իբր մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ. կ՛ունենաայ 84 աշակերտ:
•1959-ին կը վաւերացուի անոր անունը՝ «Հայ Աւետ. Նահատակաց Վարժարան», եւ կ՛ունենաայ 95 աշակերտ:
•1961-1962 տարեշրջանին, արտագաղթի պատճառով աշակերտութեան թիւը կը նուազի 54-ի, կառավարական մակարդակով դպրոցը միջնակարգ պահելու համար, բաւարար դրամագլուխ չունենալուն համար, կը վերածուի մանկապարտէզ-նախակրթարանի ու կառավարութեան մօտ կը վաւերացուի 1967-ին:
•1967-1968 տարեշրջանին աշակերտութեան թիւը կը բարձրանայ 100-ի, քանի որ անոր կը միանան Կաթողիկէ վարժարանի աշակերտութիւնը: Այս շրջանին վարժարանը «տաք ճաշ»ի դրութիւն մը կը սկսի շրջաններէն եկող աշակերտներուն համար, ու կը շարունակուի մինչեւ 70-ական թուականներու վերջաւորութեան:
•1970-ին կ’ամբողջանայ 1912-ին կիսատ մնացած եկեղեցւոյ շէնքը, ու հին եկեղեցւոյ շէնքը կը վերածուի դպրոցի:
•1971-1972 տարեշրջանին վարժարանը կ՛ունենաայ 143 աշակերտ:
•1977-1978 տարեշրջանին դպրոցը կ’ունենայ իր անձնական փոխադրակառքը:
•1981-1982 տարեշրջանին վարժարանը ունի 94 աշակերտ: Այս տարեշրջանին, շրջանի վերջին մանկապարտէզներն ալ կը փակուին (Գալատուրան, Էքիզօլուգ եւ Քէօրքիւնէ) ու կը միանան Քեսապի Նահատակաց վարժարանին, որ կը վերանուանուի Քեսապի Հայ Աւետ. Նահատակաց Միացեալ Վարժարան:
•1988-1990-ի միջեւ կը կառուցուի նոր դպրոցաշէնքը:
•1991-1992 տարեշրջանին վարժարանը կ՛ունենայ 90 աշակերտ:
•2001-2002 տարեշրջանին՝ 65 աշակերտ:
•2002-2003 տարեշրջանին վարժարանս ունէր 64 աշակերտ, եւ կ’արժէ յիշել որ նոյն տարեշրջանին, դպրոցի աւարտականներէն 29-ը համալսարանական ուսանողներ էին:
Շրջանի Հայ Աւետ. վարժարանները եղած են հետեւեալները.-
•Տիւզաղաճի Հայ Աւետ. վարժարանը հիմնուած է հաւանաբար 19-րդ դարու կիսուն, եւ գործած է մօտաւորապէս մինչեւ 1910:
•Չաքալճըգի Հայ Աւետ. վարժարանը հիմնուած է 1910-ին, ու գործած մինչեւ 1915: Ապա՝ 1928-1934:
•Սեւ աղբիւրի Հայ Աւետ. վարժարանը գործած է ընդհատաբար 1856-1942: