1919-ին Գաղթականութենէն վերապրողներու տունդարձէն ետք, Քեսապի Առաքելական եւ Աւետարանական համայնքները կը հետեւին Ազգ. միութեան որոշումներուն ու կը պահեն երկու Միացեալ Վարժարաններ, մէկը աղջկանց իսկ միւսը մանչերու: Ընդհանուր տէսուչն էր Այովա երկրագործական համալսարանի շրջանաւարտ Քեսապցի Ժոզէֆ Հեքիմեան: Քանի մը տարի ետք համայնքային երկպառակութեան պատճառով վարժարանը կը փակուի եւ կը բացուին նախկին յարանուանական դպրոցները:
1924-ին կը վերաբացուին ազգային եւ աւետարանական դպրոցները: Սակայն Ազգ. Միութեան Միացեալ Վարժարաններու գաղափարը կը խթանէ Ուսումնասիրաց Միւթիւնը շուրջ մէկ ու կէս տասնամեակէ փայփայած իր երազը իրագործելու, որն էր հիմնումը ոչ յարանուանական ազգային բարձրագոյն վարժարանի մը:
1925-ի աշնան կը բացուի Ուսումնասիրաց Միւթեան երկրորդական վարժարանը (1925-1938) ժողովրդային գրադարանին շէնքին մէջ: Դպրոցի արտօնագիրը ստացուած է Յակոբ Աթիկեանի անունով:
Երկու տարի դպրոցի տնօրէն կ՛ըլլայ Պր. Հերոյեան, ապա տարի մը Գէորգ Գըրըգեան եւ վերջապէս Փարիզէն շրջանաւարտ գիւղատնտես Քեսապցի Յակոբ Աթիկեան, որ դպրոցի տնօրէնութիւնը կը վարէ մինչեւ 1931, ապա 1934–1939, իսկ յետոյ կը ստանձնէ Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանի տնօրէնութիւնը (1941–1944):
1928-ին դպրոցը կ’ունենայ իր սեփական գեղեցիկ շէնքը, գիւղէն դուրս լաւագոյն դիրքի մը վրայ՝ ընդարձակ խաղավայրով:
1936–1937-ին դպրոցը կը վերածուի միջնակարգ վարժարանի, իսկ 1938–1939-ին կը միանայ միացեալ նախակրթարանին:
Ուսումնասիրաց երկրորդական վարժարանի ուսուցչակազմը բաղկացած է համալսարանական կրթութիւն ստացած երիտասարդներէ, ինչպէս Ժոզէֆ Ինճէճիկեան, Սողոմոն Յովսէփեան, Ասատուր Սէֆէրեան,Վահան Չիւրիքեան, Սողոմոն Թիթիզեան: Վերջին չորսը նախկին շրջանաւարտներ:
Դպրոցի շրջանաւարտները, շուրջ երկու տասնեակ ասպարէզ ընտրելով ուսուցչութիւնը, պաշտօնավարեցին Սուրիոյ եւ Լիբանանի բազմաթիւ դպրոցներու մէջ: Ոմանք մասնագիտական կրթութիւն ստացան արտասահմանի համալսարաններուն մէջ ու հասան պատուաւոր դիրքերու:
1938-ին Ուսումնասիրաց միջնակարգ դպրոցը եւ միացեալ նախակրթարանը (բացուած 1933-ին) կը միանան Ուսումնասիարց Միացեալ անուան տակ:
1938–1958 դպրոցը կ’ըլլայ ութամեայ, 1958–1963՝ եօթամեայ, իսկ անկէ ետք միայն վեցամեայ նախակրթարան:
Մինչեւ հայրենադարձութիւն (1947) վարժարանը կ’ունենայ 200–250 աշակերտութիւն:
1942–1943 տարեշրջանին կ՛ունենայ 219 աշակերտ-աշակերտուհի:
1944–1945 տարեշրջանին 204 աշակերտ:
Հայրենադարձութենէն ետք աշակերտութեան թիւը չ’անցնիր 176-ը:
Ստորեւ կարգ մը տարեշրջաններու աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմի թուային պատկերը ներկայացնող ցուցակ մը:
Տարեշրջան Աշակերտութիւն Ուսուցչակազմ
1948–1949 145 9
1950–1951 120 9
1962–1963 176 11
1964–1965 165 11
1975–1976 139 10
1981–1982 75 8
1985-1986 80 10
Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանին մէջ ուսուցիչի եւ տնօրէնի պաշտօնով պաշտօնավարած են՝ Յակոբ Աթիկիանէն ետք Ժոզէֆ Պասմաճեան (1944–1966), գիւղի քահանաներ՝ Զաւէն Քհնյ. Փոլատեան (մինչեւ 1970), Յուսիկ Քհնյ. Սեդրակեան (1973–1979), Աբրահամ կարճիկեան (մինչեւ 1994): Ուսուցչական երկար տարիներու վաստակ ունին Մարտիրոս Թութիկեան, Կարօ Հաթութեան, Մանկապարտիզպանուհիներ՝ Արաքսի Սողոմոնեան, Սոնա Պաղտուտ, Նուարդ Փանոսեան եւ ուրիշներ:
Ազգ. Ուսոմնասիրաց Միացեալ վարժարանի շէնքը 1996-ին հիմնովին վերանորոգուեցաւ, յաջորդող տարիներուն վարժարանը օժտուեցաւ ջերուցման ցանցով, համակարգիչի սենեակով եւ ուսուցման արդի սարքաւորումներով:
2002-ին պետկան մարմիններու կողմէ ձեռք բերուեցաւ պետական արտօնագիր, վարժարանը վերածելու Միջնակարգ դպրոցի (իննամեայ):
2005–2006 տարեշրջանին վարժարանը տուաւ իր առաջին Ը. կարգի շրջանաւարտները, որոնք ներկայացան պետական քննութիւններուն (Պրովէի):
Վերջին երեք տարիներուն ընդհանուր աշակերտութեան (մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ) եւ ուսուցչական կազմին թուային պատկերը հետեւեալն է.-
Տարեշրջան Աշակերտութիւն Ուսուցչակազմ
2002 – 2003 151 13
2003- 2004 165 18
2004 – 2005 183 18
2005- 2006 196 26
2006- 2007 216 28
2007- 2008 226 30
|