ՈՎՍԻԱ ՍԱՂՏՃԵԱՆ
ՈՎՍԻԱ ՍԱՂՏՃԵԱՆ (1887-1953)
Քեսապի եւ շրջակայ ժողովուրդին համար իր անունը հոմանիշ դարձած էր Գայլ Վահան Մամիկոնեանին: Յիրաւի ան իր մէջ կը մարմնացնէր Մամիկոնեանց տոհմիկ ասպետական հոգին: Անոնց նման շարունակ պայքար մղած է կրօնքի, Հայրենիքի եւ խիղճի ազատութեան համար: Ու բնաւ չէր նահաջած իր պայքարին մէջ:
Տային—այսպէս կը սիրէին անուանել զինք Հայեր եւ այլազգիներ—ծնած էր Քեսապի մօտ Գարատուրան գիւղը: Համաշխարհային առաջին պատերազմին կամաւոր եղած էր քաջութեան համբաւ շահած Արարայի ճակատամարտին մէջ: Պատանեկան հասակէն եղած էր ճշմարիտ յեղափոխական մը եւ մնաց այդ պատնէշին վրայ մինչեւ իր մահը: Յեղափոխական եղած էր ան զէնքով կռուելու համար իր հայրենիքի ու կրօնքի թշնամիներուն դէմ: Ու կռուեցաւ հերոսաբար …: Չնահանջեց, չտատամսեցաւ. այլ արիաբար կռուեցաւ ու յաղթեց :
Դեռ ներսս կարձագանգեն մանկութեանս օրերուն (1920-1921 շրջանին) գիւղացիներուն յաճախ յեղյեղած սա խօսքը – Տային Քեսապ է. թուրքերը չեն կրնար մեր գիւղը գրաւել: Ու չկրցան, որովհետեւ Տային՝ ցերեկ ու գիշեր՝ իր բուռ մը արիասիրտ քաջերով կը հսկէր Քեսապի եւ անոր մերձակայ գիւղերուն վրայ: Ո՞ր թուրքը կը յանդգնէր մօտենալ այդ սահմաններուն :
Դեռ իբրեւ անգայտ մշուշի մը մէջէն կը նշմարեմ իր խիզախ դէմքը երբ խոր գիշերուան խաւարին մէջ մեր տունը կու գար հանգստանալու: Ո՛րքան կը սիրէինք զինք, իր արքենի հասակը.
Կայծ՝ բայց բարութեամբ օծուն աչքերը: Հապա իր հրացան՝ը: Այո ‘ Տայիին հրացանը՝ մեր պահապանն ու պաշտպանը :
Ան ոչ միայն կռուելով ծառայեց իր հայրենիքին ու հայրենակիցներուն, այլեւ տարագրութենէն ետք’ տնտեսական տագնապալից օրերուն’ որբանոց մը բացաւ , ուր խնամեց հարիւրաւոր որբեր :
Ան հայ որբին աւելի հոգ կը տանէր քան իր անձին: Եղան օրեր երբ ան իրապէս զրկուեցաւ հանապօզարեայ հացէն, բայց բնաւ իր որբերը անօթի չթողուց: Ճշմարիտ հայրենասէր յեղափոխական մը այլ կերպ չէր կրնար գործել :
Երբ ուսումնասիրաց Ընկերութեան Վարժարանը պիտի կառուցուէր, առաջին անգամ ինք գնաց բահը ուսին՝ հիմերը փորելու, եւ օրեր սրտեռանդ աշխատեցաւ՝ յօրինակ այլոց: Սանճագի, Մուսա-տաղի եւ Քեսապի շրջանին մէջ չկար մէկը որ չհամակրէր իրեն ու չսիրէր զինք, որովհետեւ նեղութեանց եւ թշուառութեան մէջ ինկած ո՞ր անհատին օգնութեան չէր հասած Տային: բայց ուրիշ կերպ հնար չէր այս ճշմարիտ պատուական հայուն, տիպար յեղափոխականին, քաջամարտիկ զինուորին, գորովի, գութի, սիրոյ եւ ծառայութեան մարմնացումը եղող ազնուասիրտ այս ասպետին :
Հայոց եկեղեցին իրեն համար Սրբութիւն Սրբոցն էր, որ կուգային հաղորդուիլ մեր քաջերը՝, ի ներքուստ արիանալով, որպէս զի կռուին իրենց հայրենիքի թշնամիներուն դէմ, զայն արիւնով պաշտպանելու եւ իրենց անձը Աստուծոյ նուիրելու որպէս ընծայ «Թաթաւեալ ի կարմրութիւն բոսորային »:
Իր տեղը հոն չէ, ուր քանի մը վշտակոծ մարդեր գուբի մը մէջ նետեցին զինք, փոս մը, զոր թռչնիկ մը մէկ ոստումով պիտի չափէր, այլ իրենց Հայրենիքին ու Մայր Եհեղեցին սիրող եւ անոնց
Անբռնաբարելիութեան եւ յաւերժութեան համար իրենց արիւնը թափելու պատրաստ ճշմարիտ հայ հոգիներուն մէջ, մեր հերոս մարտիկներուն վերնական փաղանգին հետ : Շէյքսփիր՝ կանգնած այդ շիրիմին քով՝ սրտեռանդն պիտի գոչէր .
«He was a man ,and the elements were so mixed in him, that all the world might stand up and say : This was a man ».
Յաւերժական լոյս եւ կեանք անվախճան իր ազնուական եւ ասպետական Դիւցազն հոգիին :
Առնուած՝ «Ալպոմ Քեսապի եւ շրջակայից – Պէյրութ 1955»: