Տարազներ
Քեսապի արանց եւ կանանց տարազը դեռ անցեալ դարու կէսերէն, օտար միսիոնարութեանց ներթափանցումին ու շուկայական յարաբերութիւններու զարգացումին հետ արագօրէն եւրապականանալ կը սկսի: Տարազի փոփոխութեան մէջ արագ կը շարժին յատկապէս բողոքականները: 1930-ական թուականներուն մատի վրայ կը համրուէին հին տարազաձեւերը մասամբ պահած կիներն ու այր մարդիկը:
Գրաւոր եւ բերանացի վկայութիւններու, ինչպէս եւ տուներու մէջ պահուած որոշ յիշատակներու սերտողութեամբ միայն կարելի եղաւ քեսապցիի հին տարազը վերականգնել:
1.Կանաց տարազը
Մազի յարդարանք
Կնոջ մազերուն մկրատ չէր դպնար. Ատիկա մեղք ու ամօթ կը համարուէր: Համարձակ ու քիչ մը անպարկեշտ համարուած արարքի մէջ գտնուող կնոջ եւ աղջկան հասցէին տակաւին “կըտրիլը կըծծէք” (կտրելիք մազեր) կ՛ըսեն քեսապցիք, վաղեմի անէծք մը, որ ներկայիս քիչ մը փաղաքշական երանգով կը գործածուի: Մազը կնոջ պատիւն ու շնորհքը կը նկատուէր:
Կինը սանտրի վրայ հաւաքուած թնճուկներն ու կրակը կամ աղբանոց չէր թափեր, կը հաւաքէր, ափի մէջ գունդ մը կը շինէր ու կը խրէր տան կամ բակի պատի խոռոչի մը մէջ: Կնոջ մազը կախարդանքի նիւթ էր, “կը գրեցնէին”, սիրոյ եւ հաւատարմութեան նշան էր՝ ճամբորդութեան ատեն թել մը սիրած տղուն կամ ամուսնոյն կը նուիրէին:
Մազը երբեք ազատ չէ ձգուած: Մազի յարդարանքի հիմնական ձեւը “ծէ՛միր” կը կոչուէր: Մազը ողորկ կերպով սանտրելէ ետք կը բաժնէին 5-7 փունջերու (զըլըֆ): Իւրանքանչիւր փունջ իր կարգին, նայած հիւսակի տեսակին, կը բաժնէին երկու կամ երեք փունջերու եւ այդպէս կը հիւսէին:Շատեր, երկու փունջի պարագային, իբրեւ երրորդ փունջ, գունաւոր ժապաւէն մը կը դնէին, իսկ հիւսակի կէսէն սեւ մետաքսէ ծոպեր կ՛աւելցնէին: Մազի իրաքանչիւր հիւսք՝ “պուլուօկ” կը կոչէին: Կնոջ հիւսակները գոնէ մինչեւ մէջք պէտք է իջնէին: Հիւսակները կռնակին վրայ հաւասար հեռաւորութեան վրայ պահելու համար կը գործածէին յատուկ ծամակալ մը: Մեծ կիներն ու աղջինկերը սովորաբար երկու հիւսակ կ՛ունենային:
Գլխաշոր
Պզտիկ աղջիկները եւ պարմանուհիները իբրեւ գլխաշոր դաստարակ (գլխը դաստըրուօկ) կը գործածէին: Դաստարակը գունաւոր քառանկիւն գունաւոր լաթ մըն է, “շալէ” կամ մետաքսէ կտորով: Աղջիկները դաստարակին շուրջը ժանեակ կամ գունագեղ հլունաշար մը կ՛աւելցնէին, իսկ անկիւններուն վրայ՝ ասեղնագործ զարդեր: Երկու հակադիր անկիւններէն երկծալ ըրած կը դնէին գլխուն, պայմանաւ որ դաստարակին ետեւ մնացած անկիւնը հասնէր մինչեւ կռնակը: Միւս անկիւնները սովորաբար ականջին վրայէն անցնոլով կը կապէին ետեւը, սովորաբար ետեւ ձգուած մասին տակ: Դաստարակը քունքերուն վրայ ծամակալներով ամրացուած կ՛ըլլար: Կային գունագեղ կտորներէ պատրաստուած դաստարակներ:
Երիտասարդ աղջիկները կապած են “շալէ” կարմիր դաստարակ ու անոր վրայ հագած են կապոյտ բեհեզէ կոնաձեւ գլխարկ, որ “շըքքէ” կը կոչէին:Ան զարդարուած կ՛ըլլար արծաթեայ դրամներով, իսկ անոր առջեւէն եւ կողմերէն կը կախուէին արծաթեայ շղթաներ, որոնք կը զարդարէին օրիորդին ճակատն ու քունքերը: Այս շղթաները “շէքէլէթ” կը կոչուէին: “Շէքքէ”ն կը ծածկէին գունաւոր “շէրէ” կոչուող դաստարակով մը, որ կ՛իջնէր ուսերն ի վար ու կրնար փաթթուիլ պարանոցին շուրջ: Աղջիկները իրենց դէմքը չէին ծածկեր:
Այս դարասկիզբին աղջիկները գրեթէ ձգած էին իրենց աւանդական գլխաշորը ու կը բաւարարուէին դաստարակով կը միայն:
Մեծ կնոջ գլխաշորը աւելի մանրամասնութիւններ ունէր: Այսպէս՝
ա- Նախ գլուխը գունաւոր դաստարակով մը կը ծածկէր, ծայրերը ետեւէն դարձնելով գլխուն վրայ կը հագուցէր:
բ- Ասոր վրայ կը դնէր «դակ՛ի»՝ գլխարկ, որ կարճ ու կարմիր ֆէս էր առանց ծոպերու: Գլխարկին տակէն դաստարակին դուրս մնացած մասը կանոնաւոր երիզ մը կը կազմէր ճակատին վրայ:
գ- «Դա՛կի»ի ճակատին կը դնէր «կուր»ը, զոր կը հանգուցէր ետեւը: Ասիկա նեղ գօտի մըն էր, որուն վրայ կարճ շղթաներով կախուած կ՛ըլլային ոսկեայ դրամներ «ղազզի», «մահմուտիէ», «պէշիպիլլիք», նոյնիսկ հին դրամներ՝ հռոմէական, բիւզանդական, արաբական, կիլիկեան Հայկական, որոնք Քեսապի շրջանին մէջ հողի աշխատանքներու ժամանակ տեղ-տեղ կը գտնուէին: «Կուր»ը երբեմն ուղղակի կարուած կ՛ըլլար գլխարկին:
դ- Գլխարկին վրայ կը դնէր բեհեզեայ ընդարձակ ծածկոց մը, որ «խումար» կը կոչուէր: Ասիկա կրնար կարմիր, կապոյտ կամ սեւ ըլլալ: «Խումար»ը երկու հակադիր ծայրերէն երկծալ կ՛ընէր, գլխարկին վերի մասէն կը դնէր, ապա ուղղանկիւն ծալ մը մէկ-երկու ծամակալներով ամրացնելով կ՛իջնէր քունքերն ի վար: «Խումար»ը կը ծածկէր կնոջ ուսերը: «Խումար»ին առջեւի ծայրերը կրնային հաւաքուիլ ու հանգոյց մը կազմել կզակին տակ: Հիները մարդոց ներկայութեան սովորաբար «խումար»ին մէկ կողմը քիթին բերանին վրայէն անցնելով կը պահէին միւս ուսին վրայ:
Դաստարակը, գլխարկը եւ ծածկոցը իրարու ամրացուած կ՛ըլլային անհամար ծամակալներով:
Բոլոր կիները ականջի օղ կը դնէին: Օղի ծակը կը բանային ծունդէն ոչ շատ ետք ու մոմած դերձանէ օղակ մը կը պահէին հոն՝ մինչեւ որ օղ դնելու ժամանակը գար: Մեծ աղջիկներն ու կիները սովորաբար երկար օղեր կը դնէին:
Հագուածք
Կիներուն տարազը ունէր հետեւեալ մասերը.
ա- Ներքնազգեստը (շէ՛պէկ) կը հասնէր մինչեւ ծունկերը:Թեւերը մինչեւ դաստակներուն քով հետզհետէ կը նեղնային: Ան առհասարակ կը պատրաստուէր կապոյտ, կարմիր, դեղին ու նախշազարդ կռաւէ: Մայրերուն շապիկին ճեղքը կ՛ըլլար առջեւէն, որ կամ կը կոճկուէր եւ կամ երկու ծայրերուն ամրացուած երիզներով կը կապուէր:
Կիներուն եւ օրիորդներուն շապիկին թեւերուն եւ օձիքին բացուածքը, ինչպէս նաեւ քղանցքը երիզուած կ՛ըլլար ձեռագործ ժանեակներով:
բ- Վերնազգեստը «ճիւպպի» կը կոչուէր, որ մէկ կտոր էր, բայց վերէն վար բաց, ինչպէս վերակուն: Քղանցքը կը հասնէր մինչեւ կրունկները, իսկ թեւերը՝ մինչեւ նախաբազուկ, ուր շապիկի թեիւն վրակ կ՛երեւէին ապարանջանները, որոնք կրնային ըլլալ պղինձէ, արծաթէ եւ ոսկիէ: «Ճիւպպի»ին աջ կողմը ձախին վրայ գալով մէկ կոճակով կ՛ամրանար:
«Ճիւպպի»-ին չափ ընդհանրացած էր «ֆսթան»ը, որ կրնար «զուպուն»ի պէս ըլլալ ու մէջքին կար չունենալ: Օձիքի փորուածքը սովորաբար կլոր կ՛ըլլար ու կուրծքի ճեղքուածքը սովորաբար կը գոցուէր: Տօնական հագուստներուն պարագային օձիքին բացուածքը կրնար սրտաձեւ կամ բաժակաձեւ ըլլալ:
Մանր տղոց ու աղջիկներու վերնազգեստը միշտ «ֆստանիկ»ն էր: Օձիքի փորուածքը բարձր եւ կլոր կ՛ըլլար, իսկ ճեղքը առհասարակ ետեւը կ՛ըլլար ու երկու ծայրերէն եկող երիզներով կը հագուցուէր: Տղոց գօտին ամրացուած կ՛ըլլար ետեւը. Անոր երկու երիզներուն հանգոյցը կը կապէին պորտին վրայ:
Գ-Գօտի (գիւտա), որ հարուստներու պարագային կրնար արծաթեայ «քամար» ըլլալ, բայց առօրեային մէջ ընդհանրապէս բամպակէ կամ մետաքսէ միագոյն կամ գծաւոր գօտի կը կապէին: Գօտիին ծայրերը, փաթթելէ ետք, տակը կը խրէին կամ հանգոյց մը կը շինէին պորտին վրայ: Գօտին մարմնին փաթուած կը պահէր «ճիւպպի»ն կամ կը սեղմէր «ֆըսթան»ը: Երբեմն գօտիին փոխարէն վերնազգեստին գօտկատեղին ամրացուած կ՛ըլլար ափի լայնքով նոյն կտորէն երկար երիզ մը (շըճըմէկ), որ քանի մը անգամ կը փաթթէին մէջքին:
Դ- Անթեւ կարճ բաճկոնակ մը (իլէ՛կէկ), որ լաւ ձեւով կը սեղմէր կռնակը, իրանը եւ մէջքը. Գօտին պէտք չէ ծածկուեր: Բաճկոնակը վերէն վար առջեւէն կը կոճկուէր: Ան զարդարուած կ՛ըլլար ոսկեգոյն , հաստ թելերու հիւսքով, որ «կ՛ըլլապըտուն» կը կոչուէր: Կոճակները նոյն թելերով շինուած կ՛ըլլային:
Բաճկոնակին վրայ կ՛երեւէր ոսկեայ կամ արծաթեայ վզնոցը, որուն վրայ շարուած կ՛ըլլային ոսկեայ եւ արծաթեայ դրամներ:
Բաճկոնակը սովորաբար կը պատրաստէին «շալէ» (բամպակ, թեթեւ կտոր) կտորով:
Ե- Գոգնոցը (էօլմըք, իւմլէկէկ), որ կ՛ըլլար երկու տեսակ՝ վիզէն վար եւ գօտիէն վար:
Առաջինը օղակով մը կ՛անցնէր վիզէն, կողմերուն ամրացուած գօտիին երիզները ետեւը կը հանգուցէր: Անթեւ էր: Այս գոգնոցը սովորաբար կը գործածէր թոնրատան մէջ, հաց եփելու ատեն, երբ գործածող ձեռքին կը հագուէր թաղիքէ շինուած թեզանիք մը (թիզնէ՛ք), թեւատակէն մինչեւ դաստակ հասնող: Թեզանիքին ամրացուած երկար երիզը քանի մը անգամ թեւին վրայ տարբեր տեղերէ կը փաթթէր:
Երկրորդ տեսակի գոգնոցը կը գործածէր տան եւ արտին մէջ: Երկու կողմերը ամրացուած երիզները գօտիի տեղ կը ծառայէին: Երիզները կը հանգուցէին ետեւը: Տանտիկնոջ եւ օրիորդներուն տան գոգնոցները երբեմն կ՛ունենային արտակարգօրէն հարուստ ասեղնագործ զարդեր:
Զ- Լայն վարտիքը (վարտէք), որ սովորաբար կը կարէին «ալաճկըննիր» (յոգն. ալաճ, մանուսա) կոչուող գունագեղ կերպասէն: Ան կը հասնէր մինչեւ կոճերը, ուր յանկարծ կը նեղնար:
Է- Իբրեւ ոտնաման կիները կը հագնէին դեղին կօշիկ (իմէ՛նու), որ կրունկ ու կապ չունէր: տան մէջ կը հագնէին դեղին հողաթափ (փափօճ) կամ հլուններով զարդարուած խսիրէ կամ թաղիքէ ոտնամաններ (մուճուօկ):
Երիտասարդ աղջիկներ տօնական օրերուն կը հագուէին նաեւ դեղին մոյկ՝ «ճիզմու», որ քիթին վրայ կ՛ունենար գոյնզգոյն ծոպ մը, իսկ կրունկը երիզուած կ՛ըլլար պայտաձեւ երկաթով: Վարտիքին վարի ծայրերը կը խրէին մոյկին մէջ:
- –ՀԱՐՍԻ ՏԱՐԱԶ
Հարսը կապոյտ կրաւէ շապիկին վրայէն կարմիր ատլասէ «ճիպպի» կամ «ֆսթան» կը հագնէր: Կարմիր վերնազգեստին վրայ կը հագնէր ճերմակ «շալ իլէ՛կէկ», որ կարմիր դերձանով ասեղնագործուած կ՛ըլլար: Կը կապէր մեսաքսէ դեղի գօտի:
Հարսին կօշիկը դեղիկ «ճիզմու» էր, որուն վիզը կը սեղմէր հարսին սրունքները ու իր մէջ կ՛առնէր «ալաճկըննիր» կտորէն պատրաստուած վարտիքը: Քիթին վրայ կ՛ունենար գոյնզգոյն ծոպ մը, իսկ կրունկը երիզուած կ՛ըլլար պայտաձեւ երկաթով:
Հարսին գլխարկը «շըքքէ» կը կոչուէր: Նոյնը կը գործածէին նաեւ աղջիկները, բայց հարսին գլխարկը կարմիր բեհեզէ պատրաստուած կ՛ըլլար: Ան զարդարուած կ՛ըլլար արծաթեայ դրամներով, իսկ անոր առջեւէն ու կողմերէն կը կախուէին արծաթեայ շղթաներ, որոնք կը զարդարէին հարսին ճակատն ու քունքերը: Այս շղթաները «շէքէլէթ» կը կոչուէին: «Շէքքէ»ն կը ծածկէին ճերմակ «շէրէ» կոչուող դաստարակով, որ կը ծածկէր նաեւ կնոջ դէմքը եւ ուսերը: Դէմքի մասը սովորաբար ետ գլխարկին վրայ կը նետէր, բայց կեսուրհօր եւ տագրերուն ներկայութեան դէմքը անպայման պէտք է ծածկէր: «Շէրէ»ն գլխարկին ամրացուած կ՛ըլլար քանի մը ծամակալներով, քունքերուն վրայ: Հարսին գլուխը կը ծածկէին բազմաթիւ դաստարակներով:
Կինը իր հարսանեկան հագուստը կը գործածէր առնուազն քանի մը տարի:
3-ԱՅՐԵՐԵՐՈՒ ՏԱՐԱԶ
Այրերը երկար մազ չէին պահեր, մօրուք չէին խնամեր: Ոմանք չափաւոր պեխ (մըրզօնք՝ մրզանք) մը կը ձգէին: Շաբաթ օր Քեսապ երթալու գլխաւոր պատճառներէն մէկը սափրիչի (պարպար) հանդիպիլն էր: Քեսապի մէջ սափրիչը իր խանութը ունէր: Գիւղերու մէջ ալ սափրիչներ կը գտնուէին. Ասոնք սակայն խանութ չունէին, դրան առջեւ կամ բակի ծառին տակ բարեկամ ու ազգական այր մարդիկ ու տղաք կը սափրէին:
Գլխարկներէն ամէնէն հինը ու տարածուածը «պէօրգ» (բուրգ) կը կոչուէր, ճերմակ թաղիքէ շինուած կոնաձեւ գլխարկ մը, որ կրնար միագոյն կամ գծաւոր ըլլալ: «Պէօրգ»ին վրայ կը փաթթէին գունաւոր դաստարակ մը: Ոմանք մետաքսեայ, փնջաւոր սեւ դաստարակ կը փաթթէին:
Ոմանք առանց գլխարկի գլխուն կը փաթթէին դաստարակը:
Հարուստները կարմիր ֆէս կը դնէին, երկար եւ կարմիր ծոպով կամ առանց ծոպերու: Առանց ծոպի ֆէսին շուրջ ոմանք «սարըխ» կը փաթթէին: Անցըալ դարու իննսունական թուականներէն հնչակեաններու նախասիրած գլխարկը սեւ «կ՛ալփախ»ը (փափախ) եղաւ:
Այր մարդիկ երկու տեսակ տարազ ունէին. Մին ունէր շապիկ (շէ՛պէկ) ու «շալվար» (շալվուօր), իսկ միւսը «ճիւպպի» կամ «զուպուն» եւ վարտիք (վարտէք): Երկուքն ալ անթեւ բաճկոնակ կ՛ունենային. իշլէկէկ կը կոչուէր: Չէր կոճկուեր:
Շապիկ ու «շալվար» հագուողները ընդհանրապէս երիտասարդներն էին, հովիւներն ու գիւղական աշխատանք տանող մարդիկ: Եթէ շապիկն ու «շալվար»ը ճերմակ ըլլային, ապա բաճկոնակը կ՛ըլլար կապտաւուն: Կրնար հակառակը ըլլալ՝ շապիկն ու շալվարը կապտաւուն, իսկ բաճկոնակը ճերմակ: Դարասկիզբէն վերջ կամաց-կամաց կը տարածուի սեւ «շալվար»ը:
Շապիկը կտաւէ պատրաստուած կ՛ըլլար ու մինչեւ ծունկերը կը հասնէր: Առջեւի մէկ թիզ ճեղքուածքը կը կոճկուէր կամ ալ բաժակաձեւ բացուածք մը կ՛ունենար: Օձիքին բացուածքը, թեւերն ու քղանցքը ասեղնագործութեամբ կը զարդարէին:
«Շալվար»ին ոտքերը կ՛ըլլային նեղ, բայց ծունկէն վեր արտակարգօրէն լայննալով երկու սրունքներուն միջեւ վար կախուած խալքեր կը գոյացնէին: Այդ ծալքերը ո՛չ թրքական շալվարին չափ ամփոփ ու վեր ձգուած էին, ոչ ալ արաբներու շալվարին չափ՝ երկար: Կողմերէն բացուած ներքին գրպաններուն տարածքին վրայ եւ ոտքերուն բացուածքին շուրջ ոսկեգոյն ասեղնագործ զարդեր կ՛ամրացնէին, որոնց կու տային «չըմզըք» անունը:
Այր մարդիկ կը կապէին «աճէմ» կոչուող կարմիր, հաստ ու լայն գօտին: Ոմանք կը գործածէին կաշիէ լայն գօտի (փալասկ՛ա), որ զարդարուած կ՛ըլլար բազմաթիւ գամերով: Շապիկը կը ձգէին շալվարին վրայ ու այդպէս գօրին կը կապէին: Կրնային շապիկը շալվարին մէջ դնել ու այդպէս կապել գօտին: Գօտիին ամրացուած կ՛ըլլար ծխախոտի կաշիէ քսակը (քասա): Անոր մէջ, պորտին վրայ, կը խրէին դաշոյնը, պարսէտը, աւելի ուշ՝ ատրճանակը (ճիթիւն), իսկ ետեւի կողմը՝ ցաքատը կամ ուրագը:
Անթեւ բաճկոնակը (իշլէկէկ) պատրասուած կ՛ըլլար կտաւէ ու զարդարուած ոսկեգոյն, հաստ թելերու հիւսուածքով (կ՛ըլլապըտուն): Կոճակները նոյն թելերով շինուած կ՛ըլլային: Սովորաբար չէին կոճկեր: Փեսաները եւ պարոն երիտասարդները բաճկոնակին տեղ կը հագուէին «չուխա-ֆերմանա», որ կանաչ ու կարմիր գիծերով թանձր եւ ընտիր կերպասէ պատրասուած ուսկապ է, ուսերէն կ՛իջնէր եւ կուրծքին ու կռնակին վրայ խաչաձեւուելով կը մտնէր գօտիին մէջ: Ասոր փոխարէն, կաշիէ գօտի գործածող երիտասարդը «աճէմ» կարմիր գօտի կը դնէր վիզին ու կուրծքին վրայ խաչաձեւելով ետեւ կը հագուցէր:
Գիւղական շարջանակներու մէջ տարեցներն ու արհեստաւորները ընդհանրապէս կը հագնէին «ճիւպպի» ու վարտիք: «Ճիւպպի»ն վերէն վար բացուածք ունէր: Բացուածքին աջ կողմը կը դրուէր ձախին վրայ ու կոճակով մը կ՛ամրանար ձախ ուսին ու մարմնին կը մարմնին կը փաթթուէր գօտիին շնորհիւ: Շրջազգեստը կ՛ունենար ներքին գրպաններ (գըրէ՛պուն), անութներուն տակ:
Կար շրջազգեստի տարածուած այլ տեսակ մը եւս, «զուպուն»ը, որ կուրծքի վրայ ճողք ունէր միայն ու կը կոճկուէր քանի մը տեղէ: «Զուպուն»ը օձիքին, թեւերուն եւ քղանցքին շուրջ, ներքին գրպաններուն տարածքին վրայ զարդարուած կ՛ըլլար «կ՛ըլլապըտուն»ով: «Զուպուն»ը հարուստներ եւ շոկայի մարդիկ կը հագուէին: Հարուստները «զուպուն»ին վրայ «իշլէկէկ» կը հագուէին:
«Ճիւպպի» եւ «զուպուն» հագնողները անպայման կը հագնէին վարտիք (վարտէք), որ պատրաստուած կ՛ըլլար ճերմակ կտաւէ կամ բուրդէ կերպասէ: Ծայրերը կը հասնէին մինչեւ կոճերը, ուր կարճ ճեղք մը կ՛ըլլար: Հագուելէ ետք այդ ճեղքին երկու ծայրերուն ամրացուած երիզները կը փաթթէին ոտքին ու կ՛ամրացնէին: Աշխատանքի պահուն վարտիքը վեր կը քաշէին ու երիզներով ուզած բարձրութեան կ՛ամրացնէին: Վարտիքին որքերուն այդ շրջագիծերը զարդարուած կ՛ըլլային ասեղնագործութեամբ՝ «չըմզըք»:
Այր մարդը կրնար «ճիւպպի»ին մէկ կողմը խրել գօտիին մէջ. այդ պարագային կ՛երեւէր վարտիքին վերի մասն ալ:
Փոքր տղաքը «ճիւպպի» կամ «ֆըստանիկ» կը հագուէին:
Այր մարդոց երկու տեսակ վերարկու կար. Առաջինը «ապպա» (ապա) կը կոչուէր եւ սեւ այծի մազէ հիւսուած կ՛ըլլար: Շատ տարածուած էր շրջանին մէջ. մասնաւորաբար հովիւներն ու երկրագործները կը գերծածէին զայն: Հասակը մինչեւ ծունկ կը հասնէր: Թեւերը կը հասնէին արմուկէն քիչ վար: Առջեւը բաց էր, գօտիով կը փաթթուէր, եթէ հարկ ըլլար: Հիւսքին ատեն ճերմակ, դեղնորակ կամ սրճագոյն մազէ երիզներ կը ստեղծէին ապայի գրեթէ բոլոր շրջագիծերէն մէկ մատ ներս: Քեսապի մէջ մազէ «ապա» հիւսող ջուլհակներ կային: Երկրորդը «մուշլահ» կը կոչուէր, զոր կը ձեւէին ոչխարի մորթէ: Բուրդէ երեսը ներսը կը մնար, իսկ արտաքին երեսը կը պատէին սեւորակ կամ սրճագոյն կտորով: «Մուշլահ»ը կ՛առնէին ուսերուն վրայ. Լայն վերարկու էր, կրկար ծածկել ամբողջ մարմինը: Այս վերարկուն կը գործածէին հարուստներն ու շուկայի մարդիկ: Քեսապի մէջ «մուշլահ» ձեւող եւ կարող վարպետներ կային:
Այր մարդոց սովորական կօշիկը դեղին «իմէ՛նու» էր, որ աջ ու ահեակ չունէր, կապ չունէր: Կապով կօշիկը «սանտալ» կը կոչուէր: Ասիկա աջ ու ահեակ ունէր, սեւ կ՛ըլլար: Սանտալ կը հագնէին բոլորը՝ մանուկներ, տղաք, աղջիկներ, կիներ եւ այրեր: Սանտալը այս դարուն սկիզբէն տարածուած կօշիկ էր:
Հովիւներն ու երկրագործները կը հագնէին դեղին «չէ՛քմու», որ ունէր բարձր վիզ եւ կը հասնէր մինչեւ ծունկ: Աջ ու ահեակ չունէր: Վիզին շրջագիծին ագուցուած երկու երկծալ ելուններէն (ականճ) բռնելով հագնողը կօշիկը կը քաշէր ոտքին, ապա կաշիէ չուանով մը կը կապէր ծունկէն վեր: «Շալվար»ին ոտքերը կը մնային կօշիկին մէջ: Աւելի ուշ տարածուեցան ասոր սեւ եւ կարմիր տեսակները:
4-ՓԵՍԱՅԻ ՏԱՐԱԶ
Փեսան կը հագնէր ճերմակ շապիկ եւ վարտիք: Երկուքն ալ զարդարուած կ՛ըլլային «չեմզըք» կոչուող ասեղնագործութեամբ:
Փեսային շրջազգեստը «ճիւպպի»ին էր եւ կամ «զուպուն»ը: Երկուքն ալ պատրաստուած կ՛ըլլային «հինտիէ» կոչուած մետաքսեայ կտորէն: Փեսան կը կապէր «աճէմ» կարմիր գօտի:
Փեսային ուսերուն կը նետէին կարմիր ու կանաչ գիծերով «չուխա-ֆերմանա», որ խաչաձեւ կ՛իջնէր ուսին ու կռնակին վրայէն ու կը խրուէր գօտիին մէջ: Ոմանք անոր տակ բաճկոնակ կը հագուէին՝ «կ՛ատիֆէ-ելէկ» (թաւշեայ բաճկոնակ), որ փաստօրէն հարուստ կերպով ասեղնագործուած «իշլէկէկ»ն է:
Փոսային կօշիկը կարմիր մոյկն էր՝ «ճըզմու», որ մինչեւ ծունկ կը հասնէր: Կօշիկին տակ, քիթին կողմը, պայտաձեւ երկաթներ կը գամէին: Խաչեղնայրն ալ նոյն տարազը կը հագնէր:
5.-ԿԱՐՈՒՁԵՒ ԵՒ ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ
Հինէն ի վեր Քեսապի շուկան կը հայթայթէր կարուձեւի եւ ասեղնագործութեան բոլոր ատաղձները, որոնցմէ ոմանք տեղական էին, իսկ ուրիշներ՝ դուրսէն բերուած: Շուկային մէջ կային կերպասեղէն ու տարբեր տեսակի թելեր եւ դերձանններ, կարուձեւի վերաբերեալ ատաղձներ ունեցող վաճառատուներ, որոնց տէրերը նաեւ տեղական տարբեր հումքեր հաւաքող ու առտածող վաճառականներ էին: Գիւղական շրջաններու բնակիչներէն շատեր կանխիկ վճառումով հնարաւորութիւն չունէին գնում կատարելու. Գիւղացին բերքի վրայ վաճառականէն կ՛առնէր ինչ որ պէտք էր՝ կտաւ, մանուսա, տպածոյ կերպասեղէն, թել-դերձան ու կը բերէն կը յանձնէր տիկնոջ: Քեսապի շուկան ունեցած է նաեւ պատրաստի հագուստեղէն, որ ձեռնտու չէ եղած բնակչութեան մեծ մասի համար. Այս պատճառով ալ գիւղի պայմաններուն մէջ կարուձեւի վերաբերեալ գլխաւորաբար հում ատաղձն էր, որ տուն կը բերուէր:
Կինը, Քեսապի թէ գիւղերուն մէջ, ինք կը ձեւէր ու կը կարէն տնեցիներուն հագուստը: Հարսին օժիտին անխուսափելի կերպով մաս կը կազմէր ասեղամանը, ուր կը դրուէին մկրատը, լաթէ կանգունը, ասեղաբարձիկը, մատնոցները, վերմակի ասեղները եւ տեսակաւոր դերձաններ: Աղջիկը մանկութենէն կարուձեւի կը վարժուէր. Այդ կը պահանջէր գիւղական միջավայրը: Ամէն օր կարի ու կարկտանի համար ասեղամանը կը բացուէր: Նոյնիկ ցախի կամ արտի գացող կինը իր լամբակին ասեղ-դերձան մը կ՛անցնէր:
Կինը կը պատրաստէր նաեւ տան անկողիններն ու վերմակները, ծածկոցներն ու բարձերը, վարագոյրները, անձեռոցներն ու թաշկինակները:
Գիւղորուն մէջ միշտ ալ եղած են կարուձեւի մէջ ինքնուս վարպետութիւն ձեռք ձգած կիներ: Գիղացի կիներ ու աղջիկներ կը դիմէին անոր ու կը սորվէին անկէ: Տարազի արդիականացումէն ետք ալ ասիկա շարունակուած է. Շրջան մը մեծ քաղաքներու մէջ ապրած ու արդիական կարուձեւէ հասկցող կիներ իրենց կարի մեքենայով բարիք մը եղած են իրենց գիւղական շրջանակներու մէջ: Այսուհանդերձ, կարուձեւը Քեսապի մէջ կանանց պարագային արհեստի չէ վերածուած գէթ մինչեւ տարագրութան տարիներուն: Այնուհետեւ տուներու մէջ ապսպրանքով աշխատող դերձակուհիներ եղած են ու կան նինչեւ օրս: Քիչ մը տարբեր եղած է այր մարդոց տարազի պարագան. թէեւ այս պարագային ալ կինը կը ձեւէր ու կը կարէր, սակայն կային նաեւ արհեստավարժ դերձակներ. ոմանք առանձին տարազի մասնագիտութեամբ կը ճանցուէին. կային շարվաճիներ, ապաճիներ, մուշլահճիներ եւ այլն: Հին ու արդիական տարազի դերձակներ իրենց արհեստանոցները ունէին Քեսապի մէջ:
Մեծ կարեւորութիւն կը տրուէր նաեւ ասեղնագործութեան: Ամէն կին ասողնագործութենէ կը հասկնար: Նուրբ ասեղնագործութեան կարգ մը տեսակները Քեսապի մէջ զարգացան յատկապէս անցեալ դարու կէսին, երբ մարաշցի եւ այնթապցի մեծ թիւով վարժուհիներ Քեսապի դպրոցներուն մէջ իրենց պաշտօնավարութեան շրջանին իրենց այդ արուեստները սորվեցուցին քեսապցի կանանց եւ աղջիկներուն: Բողոքական օտար միսիոնարուհիներն ալ քաջալերեցին այդ զբաղումը: Ոմանք ոչ միայն անձնական պէտքերու համար ասեղնագործութիւն կ՛ընէին, այլեւ կ՛աշխատէին միսիոնարուհիներու, Քեսապի շուկային եւ հարուստ ւնտանիքներու ապսպրանքներով: Տարեց աղջիկներ ու որբեւայրիներ, դեռ տարագրութենէն առաջ, իրենց ապրուստը ասեղնագործութենէն կը ճարէին:
Քեսապի կանայք տարբեր տեսակի դերձաններով ու ասեղներով կը հիւսէին զարմանահրաշ ժանեակներ, նկարագեղ վարագոյրներ, անկողնի ու սեղանի ծածկոցներ, բարձի երեսներ, եկեղեցական անօթներու ծածկոցներ ու թաշկինակներ: Կ՛ասեղնագործէին նաեւ կտաւի, շալէ կտորի, բեհեզի ու թաւիշի վրայ: Նրբահիւս ժանեակներով կ՛երիզէին ծածկոցները, թաշկինակները, գլխաշորերը, ներքին ու արտաքին հագուստներու ծայրերը:
Իլիկի եւ մանիչի (մէ՛նէճ) վրայ տարբեր նիւթերէ թել կը մանէին ու կը հիւսէին բաճկոնակներ, գուլպաներ, գլխարկներ, մուճակներ, զոր կը զարդարէին հլուներ:
Ծեղէ հիւսքը լայնօրէն ընդհանրացած ձեռագործ էր: Կալի շրջանին կիներ ու օրիորդներ խուրձերէն ծեղ կը հաւաքէին, կը ներկէին կապոյտ, կարմիր, մանիշակագոյն ու անոնցմով կը տան մէջ գործածուելիք այլազան ամաններ ինչպէս՝
-Սեղան (սըղուն), որ հարթ ու փախլաւայի սինիի չափ կ՛ըլլար: Կը գործածուէր որպէս ճաշասեղան:
-«Սընտաղբէ(կ)», որ «սաճ»ի նմանող ու նոյն մեծութեամբ ծեղէ հիւսուածք էր, որ միշտ կնոջ ձեռքին տակ կը գտնուէր:
–Ճումամիկ (ճումէ՛մէկ), որ սնտաղբէի նման, բայց աւելի խոր, ու տարբեր չափեր ունեցող հիւսուածք էր: Լայնօրէն կը գործածուէր կալի եւ պարենաւորման աշխատանքներուն մէջ:
-Սկուտեղներ, որով պտուղ ու չոր միրգեր կը հիւրասիրէին:
-Կոթաւոր ու շրջանակ ունեցող ափսէներ:
-Տարբեր չափի ու ձեւի կափարիչներով արկղներ, իբրեւ գոհարաման, ասեղաման եւ այլն: Ասոնք կը դրուէին «ճեհիզ»ի սնտուկին կամ պահարանին մէջ: Ասոնք կափարիչ ալ կ՛ունենային:
-Գլխարկներ, յարկապէս լայն շրջանակ ունեցող տեսակէն:
Գունաւոր ծեղերու սեղծած գիծերը գեղեցկութիւն մը կ՛ապահովէին անոնց: Ոմանք անոնց շրջագիծերը կը հիսէին խոզուկի փետուրով՝ տարբեր փայք ու գեղեցկութիւն մը տալու համար:
Քեսապցի կինը մաքրասէր էր: Տունը մաքրութիւն կը բուրեր: Տարին անգամ մը անկողիններ ու վերմակները կը քակուէին, բուրդը կը լուացուէր, թափով կը ծեծուէր ջուրին մէջ: Շաբաթը գէթ մէկ անգամ մը «մոխրանոց» կ՛երթար: Տնամերձ ջրհոր ունեցողները լուացքը կ՛ընէին մօտիկ կամ թոնրատան առջեւ: Շատեր հեռաւոր աղբիւներէն ջուր կը կրէին էշով կամ կռնակով լուացքի կամ լոգանքի համար: Քեսապ աւանին մէջ ջրկիրներ կային: Լուացքի խաշին համար կը գործածուէին պղինձէ «քուփէ՛լիկ»ը եւ թիթեղէ «լական»ը: Շաբաթը առնուազն մէկ անգամ լոգանք կ՛ընէին, բայց ամէն իրիկուն ոտք, ձեռք եւ գլուխ կը լուային: Օճառը եւ լուացքափոշին շուկայէն կ՛առնէին, իսկ գիւղական շրջանակներու մէջ՝ փերեզակէն: Փերեզակէն ասեղ-դերձան, Հալէպի ձիթ, շաքար, հատ սուրճ, թէյ, մախաթ եւ հորիւն, համեմունքներ եւ քանի մը «կաղպու՛օր» օճառ գնող կանայք ընդհանրապէս ապրանքափոխանակութիւն կ՛ընէին, առածին դիմաց կու տային հաւկիթ, վառեակ, հաւ ու աքլոր կամ որեւէ բերք: Շատեր աղքատութեան հեըեւանքով այդ քանի մը կաղապար օճառը չգտնելով լուացքը մոխրաջուրով կ՛ընէին: Ամէն տուն արդուկ ունէր: Անոր համար ածուխ կամ կրակին կայծերը կը գործածէր:
Քեսապցի կինը գարնան օրերուն երբ խոտհարքի կ՛երթար արտերն ու լանջերը՝ կը հաւաքէր անուշահոտ խոտեր ու զանոնք կը տեղաւորէր սնտուկին, պահարանին ու անկողնոցին մէջ, որ լաթերը ամբողջ տարին անուշ բուրեն: Այդ բոյսերն են՝
–Հու՛օց-հէ՛միմ (հաց համեմ). քիչ հանդիպող գետնատարած, որ ծաղկելէ ետք եղջիւր կը հանէ: Չորը անուշահոտ է:
–Հընտըկ՛օկ՛ (հնդհակոտ). մանր տերեւներով ու աննշան ծաղիկով գետնատարած խոտ մը: Չորը խիստ անուշաբոյր է:
– Չօպանտաքանակ (հովուածաղիկ). երկար կոթունով ծաղիկ մը, որ գնդաձեւ է, լեցուն՝ ձկանբերանի նմանող բազմաթիւ բաժակներով: Բաժակին մէջ մարդաձեւ լեզուակ մը ունի: Չոր տերեւը անուշաբոյր է. կը դնեն գիրքերուն մէջ: