Համազգայինի «Արցախ» պարախումբի ելոյթ 8-9/3/2008

Հովանաւորութեամբ Քեսապի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Արցախ» պարախումբը, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Կարօ Տատաղլեանի, 8-9/3/2008-ին, «Սարդարապատ» սրահէն ներս:

Համազգայնի 80 ամեակի առթիւ եւ «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի 20-րդ տարեդարձի առթիւ, մշակոյթը շողշողաց «Սարդարապատ» սրահէն ներս եւ «Արցախ» պարախումբի միջոցաւ ջերմութիւն ու խանդավառութիւն բերաւ հանդիսատես Քեսապահայութեան:

Համազգայինի՝ «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի «Արցախ» պարախումբը, հիմնուած է 2003-ին Քեսապի մէջ, առաջին պարուսոյցներ ունենալով Պրն. Ղազար Թաշճեան եւ Պրն. Գօգօ Ակիկեան:

Մաղթենք որ «Արցախ» պարախումբը գոյատեւէ ու փայլի Քեսապի մէջ թէ դուրս, տարածելով մեր մշակութային գեղեցիկ արժէքները: